Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ այս անգամ նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը կրեց Իթթիհատ Հարեթ Նաամէէն, Ահտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին (կիսախաղ` 0-0):
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` Շապապ Մաժտալ Այնճարէն:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողին ամէն գնով երեք կէտ խլել իրենց մրցակիցներէն:



