Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓԱԹՐԻՔ ՏԵՒԵՃԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ՄԻԼԼԻՅԷԹ»-ԻՆ

January 31, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաթրիք Տեւեճեան բաւական երկար հարցազրոյց մը տուած է թրքական «Միլլիյէթ»-ին, զոր թերթը խորագրած է «Թուրքիա ինչո՞ւ կը պաշտպանէ Թալէաթ փաշան»:

Փարիզի մէջ հարցազրոյցը վարող լրագրող Փընար Էրսոյի` «Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութիւնը ընդունուած է: Այս նոր օրինագծէն հայերը ի՞նչ նպաստ կը ստանան» հարցումին Տեւեճեան կը պատասխանէ. «Այս օրինագիծը երկու բան կը փոխէ: Նախ` թրքական պետութիւնը Ֆրանսայի մէջ այլեւս ժխտողական քարոզչութիւն չի կրնար ընել, ապա, երկրորդ` կը նպաստէ հարցին մասին հանրութիւնը աւելի իրազեկ դարձնելու»:

Խօսքի ազատութեան կաշկանդումի ակնարկով, օրինագծին` այդքան քննադատուող թրքական 301-րդ յօդուածէն ի՞նչ տարբերութիւն ունենալուն մասին հարցումին ալ երեսփոխանը կը պատասխանէ սա ձեւով. «Հարցումը հակառակ ուղղութեամբ յղեմ ձեզ: Թուրքիա ինչո՞ւ կ՛առարկէ ուրեմն, եթէ Ֆրանսայի մէջ օրինագիծ մը կ՛ընդունուի, որուն նմանը կայ Թուրքիոյ մէջ եւս»:

Սպառնալիքներու մասին հարցումի մը Տեւեճեան կը պատասխանէ, թէ շարունակ նամակներ կը ստանայ: Անգամ մըն ալ «Հիւրրիյէթ» իր դէմ ստորագրահաւաքի ձեռնարկած է: Ամբողջ Եւրոպայի թուրքերէն 5 հազար նամակ ստացած է: «Եթէ այս օրէնքը վաւերացուի, նման բաներ այլեւս կարելի պիտի չըլլան», կ՛ըսէ ան:

Իսկ Ֆրանսայի մէջ օրինագծին ընդդիմացողներուն մասին հարցումի մը,  Տեւեճեան կը պատասխանէ. «Օրինագծին դէմ արտայայտուած շատ մը երեսփոխաններ փոխեցին իրենց վերաբերումը, երբ տեսան Անգարայի արձագանգը: Ֆրանսայի նախկին նախագահին որդին` Լուի Ժիսքար տ՛Էսթենն ալ դէմ էր օրինագծին: Այնուհետեւ ան յայտարարեց, որ Անգարայէն եկած արձագանգներէն ետք փոխած է իր միտքը»:

«Ֆրանսայի մէջ կա՞ն հայեր, որոնք համակարծիք չեն ձեզ հետ» հարցումին պատասխանը կ՛ըլլայ` «Ֆրանսայի բոլոր հայերն ալ ունին բռնագաղթի եւ կոտորածի պատմութիւններ: Ատոր համար ալ ժխտողականութիւնը ոչ մէկուն համար ընդունելի է: Այս հարցին մէջ համակարծիք ենք»:

Վերջաւորութեան Տեւեճեան կ՛ըսէ, թէ ինք պիտի պայքարի «մինչեւ մահ»: Շատ յոգնեցուցիչ է, սակայն պատուոյ խնդիր է: Թուրքերը եթէ ընդունին Ցեղասպանութիւնը, այն ատեն թաղած պիտի ըլլամ իմ մեռելներս»:

Նախորդը

ՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.