Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԱՅԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱ՞Կ, ԹԷ՞ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

January 31, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

23 յունուարին առողջական պատճառով տան մէջ բանտարկուած էի, երբ Փարիզի սրտին վրայ հաւաքուած էին հայեր` անձկութեամբ սպասելով, որ ծերակոյտը քննէ եւ քուէարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծը:

Պատմութեան ընթացքին յաճախ հարուածուած հայութիւնը յաղթանակի ծարաւ ունեցած է եւ ունի, այն աստիճան, որ պարտութիւններն անգամ հոգեփոխութեան կ’ենթարկենք եւ ճառ կը ճառենք` «բարոյական յաղթանակ» պանծացնելով: Յիշենք Վարդանանքը…

Յունուար 2001-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովը բացած էր դուռը եւ քուէարկած` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Կիսաբոլորակ ժողովասրահին մէջ ներկայ եղած էի եւ հետեւած` վիճարկումներուն եւ սրահէն յաճախ դուրս գալով` զեկուցած էի սրտատրոփ սպասող հայերուն:

Իրարու յաջորդած էին երեսփոխանները` հիմնաւորելով իրենց տեսակէտները եւ ապա` քուէարկած: Ճանաչման յաղթանակ մըն էր, բարոյական յաղթանակ մը, բայց ոչ` յափշտակուած իրաւունքի ճանաչման:

Սրահէն ելքին երէց ազգային մը իր ուրախութիւնը եւ յուզումը արտայայտելով` ըսած էր, երբ կը քալէինք կողք կողքի, որ` «ֆրանսահայութիւնը հասած էր իր նպատակին»: Ժողովուրդի տրամաբանութեան մէջ, երբ կը բացակայի յստակութիւնը, հանգրուանը կը շփոթուի նպատակին հետ: Այդ էր ազնիւ հայրենակիցի միտքին մէջ եղած շփոթը:

Հետագային ծերակոյտը իր կարգին, բազմաթիւ խուսանաւումներէ ետք, քուէարկած էր ճանաչումը` իր պարզացուած եւ պարզագոյն տարազաւորումով, ըստ որուն` «Ֆրանսան կը ճանչնար 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը», եւ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը` Ժաք Շիրաք եւ Լիոնէլ Ժոսփեն, ստորագրած էին ընդունուած որոշումը օրէնքի վերածող հրամանագիրը:

Տասը տարի ետք, ցեղասպանութեան ենթարկուած միւս ժողովուրդին հանդէպ որդեգրուած լրացման օրէնքին հետեւութեամբ, որ պատժելի կը դարձնէր ուրացումը, հայութիւնը հետապնդեց, որ իր կարգին եւս ուրացումը դասուի քրէական յանցանքի գլխուն տակ:

Չէի կրցած ներկայ ըլլալ զօրակցութեան ցոյցին, սակայն չիք չարիք առանց բարիքի. շնորհիւ հեռատեսիլի բարիքին` հետեւեցայ ծերակոյտի նիստի մեծ մասին եւ բազմաթիւ ծերակուտականներու արտայայտութեան: Օգտակար պիտի ըլլայ պատմութեան համար այդ ելոյթները, դէմ եւ թեր, հրատարակել, հայերէնով, ֆրանսերէնով, անգլերէնով, արաբերէնով, սպաներէնով եւ թրքերէնով:

Յաճախ ըսած եւ գրած եմ, որ Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է, կը շարունակուի: Մեծ գոհունակութեամբ լսեցի այս հարցով արտայայտուող ծերակուտականները, երբ անոնք կ’ընդգծէին, որ իրենց հողէն հեռացուածները, ապաստանելով տարբեր երկինքներու տակ, կը կորսնցէին իրենց լեզուն: Ըսուեցաւ, որ լեզուն ինքնութեան պահպանութեան առանցքն էր: Եթէ լեզուն կորսուի, Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ կը հասնի իր եզրայանգման:

Այս շարունակուող Ցեղասպանութիւնը ուրացումէ աւելին է, բայց անոր քրէականացման համար ո՞ւր եւ որո՞ւ պէտք է բողոքել: Կ’ենթադրեմ, որ պէտք է նայիլ հայելիին մէջ:

Երբ հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը օրէնքի հրամանագիրը ստորագրեն, մենք, ազգովին, պիտի ընդգրկուի՞նք երրորդ հանգրուանի աշխատանքին մէջ` վերականգնելու համար բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի աքսորական աշխարհաբարը, որուն համար կ’ըսուի, թէ անհետացման վտանգ կ’ապրի:

Երրորդէն ետք չորրորդ կամ զուգահեռ հանգրուաններ ալ կան, որոնք առաջիններուն հետ առաջին պէտք էր որ մնացած ըլլային: Դադրեցանք իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան ընկերացնելէ հիմնական եւ պարզագոյն հարցումը` «Ինչո՞ւ Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ» եւ անոր շեշտակի պատասխանը` «Հողի համար»: Այլ խօսքով, հանգրուանը պէտք չէ շփոթել նպատակին հետ, եւ ինչպէս ֆրանսացին կ’ըսէ մեծ իմաստութեամբ, որ` «Ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը»:

Հեռատեսիլի լրագրողը բազմաթիւ կարճատեւ հարցազրոյցներ ունեցաւ ծերակուտականներու հետ: Արտայայտուեցան դէմ եւ թեր կարծիքներ: Ընդունուած իրողութիւն է, որ ծերակոյտը աւանդականօրէն իմաստուններու խորհուրդ մըն է:

Բայց ինչպէս ամէնուրեք, հոն եւս կան բացառութիւններ:

Խորապէս ցաւեցայ, երբ ծերակուտական մը բացատրեց, որ  քննուող օրէնքը անտեղի է, քանի որ «հարիւր տարի անցած է արդէն եւ Ֆրանսան կարիք ունի Թուրքիոյ` որպէս առեւտրական գործընկերոջ»…

Մարդն ու մարդկային օրէնքը կարելի՞ էր այս աստիճան ստորադասել օրացոյցին եւ նպարավաճառատան: Ծերակոյտի բարոյական հեղինակութիւնը նսեմացնող արտայայտութիւններուն դէմ օրէնք կա՞յ…

Հանդիսութեան մը ընթացքին քիւրտ մը մտաւորական մը իրեն ընծայուած պատիւը ընդունելու պահուն ըսած էր. «Կը յուսամ, որ այս չի տրուիր որպէս ընդհանուր հաշուեփակ»:

Մենք ալ, այսօր իսկ, պիտի ըսե՞նք համայն աշխարհին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որ ուրացման քրէականացումը «ընդհանուր հաշուեփակ» չէ, solde de tous compte…

Է՞, թէ՞ ոչ:

Ի՞նչ պիտի ըսենք մենք:

Ո՞ր պատասխանին համար:

 

24 յունուար 2012

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. «ՄԵՆՔ ՅԱՂԹԵՑԻՆՔ…»

Յաջորդը

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ – «ՎԵՐԾԱՆՈՒՄՆԵՐ». ՎԵՐԾԱՆՈՂ` ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.