Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, նախարարութեան իրենց գրասենեակին մէջ ընդունեցին անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ողիմպիական խաղերու տոմս ապահոված ազատ ոճի ըմբիշներ Արսէն Յարութիւնեանը, Վազգէն Թեւանեանը, ինչպէս նաեւ անոնց մարզիչները եւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչները:
Նախարար Թումանեան անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Նախ եւ առաջ կը շնորհաւորենք ձեր այս բացառիկ նուաճումը: Այս իրագործումը կատարելով դուք փաստեցիք, որ մենք աշխարհին կը ներկայանանք իբրեւ զօրաւոր ներուժ ունեցող երկիր` մարզական աշխարհին մէջ:
«Ձեզի կը վստահեցնեմ, որ նախարարութիւնը շարունակական ձեւով պիտի աջակցի ձեզի եւ ձեզ պիտի քաջալերէ` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն, ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
«Մեր մաղթանքն է ձեզի, որ ձեր յաղթական ընթացքը կանգ չառնէ:
«Ուժ, եռանդ եւ շարունակական յաղթանակ ձեզի»:
Հանդիպումին աւարտին, ըմբիշները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ընդունելութեան համար եւ վստահեցուցին, որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն` բարձր պահելու համար Հայաստանի մարզական պատիւը` միջազգային գետնի վրայ:
Նախարարին այս ընդունելութեան համար շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Խաչատրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ըմբիշներուն յառաջիկային կատարելիք ծրագիրները:



