Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

January 31, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 յունուար 2012-ը պատմական օր մը եղաւ հայութեան համար: Այդ օր Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրեց ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:  Այդ օրը ոսկեայ տառերով պիտի գրուի ոչ միայն հայ ժողովուրդի 95-ամեայ պայքարի էջերուն մէջ, ոչ միայն Ֆրանսայի ու Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ, այլ նաեւ` համաշխարհային մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գիրքին մէջ:

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 25 յունուարի առաւօտեան Ս. պատարագին արարողութենէն ետք, վարժարանին ամբողջ աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ շրջափակին մէջ, ուր կը հնչէր հայրենասիրական երաժշտութիւն եւ հպարտօրէն կը ծածանէին Հայաստանի ու Ֆրանսայի դրօշակները, ինչպէս նաեւ` «Merci France» շնորհակալական արտայայտութիւնը կրող պաստառները:

Վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով` իւրայատուկ նկատեց այս առիթը, որովհետեւ «Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ կատարուած այս մեծ քայլը յաղթանակ մըն է ամբողջ հայութեան համար: Յաղթանակ մը, որովհետեւ աշխարհի մեծագոյն երկիրներէն մին բանտարկութեան կամ տուգանքի կ՛ենթարկէ ան, որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնները, որոնց շարքին նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այս օրինագիծը կու գայ քայլ մը յառաջ տանելու ջարդարար թուրքին դէմ մեր տարիներու պայքարին ընթացքը»:

Ռ. Պոյաճեան աւելցուց նաեւ, որ` «հայութիւնը այսօր երախտապարտ է հայերու բարեկամ երկիր Ֆրանսային եւ կը յուսայ, որ Ֆրանսայի պետութեան այս քաջ արարքը օրինակ հանդիսանայ այլ պետութիւններու, մինչեւ հասնի այն օրը, երբ Թուրքիան քաջութիւնը ունենայ ընդունելու մեր նախահայրերը ջարդած ըլլալու իր աններելի յանցանքը եւ անցնի փոխհատուցում կատարելու հանգրուանին»:

Վարժարանի աշակերտութիւնը, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարանները, միաբերան շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսային` այս իսկապէս շնորհակալ եւ գնահատելի օրինագիծին համար, որուն յաջորդելիք նորանոր նուաճումներու յոյսերով զարդարուած են հայ ժողովուրդին Հայ դատին հետ առնչուած երազները:

Նախորդը

ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. «ՄԵՆՔ ՅԱՂԹԵՑԻՆՔ…»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.