Չորեքշաբթի, 17 մարտ 2021-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին «Ամել» կազմակերպութեան հիմնադիր տոքթ. Քամել Մհաննա եւ ներկայացուցիչներ տոքթ. Զէյնա Մհաննա եւ Ահմետ Ապպուտ:
Հանդիպման ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Շրջանային վարչութենէն ատենապետուհի Սիլվա Սապունճեան եւ ատենադպրուհի Նազելի Աւագեան:
Տոքթ. Մհաննա ներկայացուց «Ամել»-ի 41-ամեայ գործունէութիւնն ու ներկայ ծրագիրները, ապա «Ամել» գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հետ:
Համաձայնագիրի լոյսին տակ, երիտասարդուհիներու եւ պարմանուհիներու յատուկ մշակուած ծրագիրով, դաստիարակչական եւ հոգեբանական ուղղութիւններ պիտի փոխանցեն անոնց:
Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք, տոքթ. Մհաննա եւ պատուիրակութիւնը շրջեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ ու ծանօթացան բաժանմունքներու գործունէութեան:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ



