Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կնոջ ու դստեր հետ Նովրուզի Պայրամ տօնին առիթով մեկնած է Արցախ, մասնաւորաբար` Շուշի, ուր Կատարոտ կամ Ջդրդուզ կոչուող դաշտավայրին մէջ մեծ տօնական խարոյկ վառած է եւ դիմած ազրպէյճանցի ժողովուրդին:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը խաղորդէ, որ Ալիեւի խօսքը մեծ մասամբ նուիրուած եղած է արցախեան երկրորդ պատերազմին եւ ատոր արդիւնքներուն:
Ազրպէյճանի ղեկավարը անգամ մը եւս յայտարարած է, որ կանգնած է «հինաւուրց ազրպէյճանական հողի վրայ, եւ որ Շուշին պատմական ազրպէյճանական քաղաք է»:
Խօսելով պատերազմի ընթացքին Շուշիի համար մղուած մարտերուն մասին` Ալիեւ ըսած է. «Հայկական կողմը այդ մարտերուն մէջ ունեցած է հարիւրաւոր, թերեւս մինչեւ հազար զոհ»:
«Մեր նպատակը Շուշին էր: Պատերազմի ընթացքին «ազատագրուած է» աւելի քան 300 գիւղ ու քաղաք: Մենք առանց գէթ մէկ կրակոցի ու կորուստներու վերադարձուցինք նաեւ Ակնայի, Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի շրջանները: Այսպիսով, մենք վերականգնեցինք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով. «Ազրպէյճանը երբեք չէր համակերպած արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին կրած պարտութեան»:



