Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Մօտէն Կը Հետեւինք Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Լուծարելու Ստահոգիչ Քայլին»

March 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ զարգացումներուն, ներառեալ` «խորհրդարանի անդամ Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլուն իր երեսփոխանական աթոռէն զրկելու քայլը»:

«Կը հետեւինք նաեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը լուծարելու փորձերուն, որ որոշում մըն է, որ առանց արդարացումի վերջ կու տայ թուրք քուէարկողի կամքին, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը աւելի կ՛ականահարէ եւ միլիոնաւոր թուրքեր կը զրկէ իրենց ներկայացուցիչները ընտրելէ», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ուաշինկթըն թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց` յարգելու թրքական սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած խօսքի ազատութիւնն ու իր միջազգային պարտաւորութիւնները:

Նշենք, որ թրքական խորհրդարանը իր աթոռէն զրկեց Կերկերլիօղլուն` հիմնուելով վերադատ ատեանի փետրուարին անոր դէմ արձակած «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն կատարելու» ամբաստանութեան վրայ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը 1 մարտին ահաբեկչութեան ամբաստանութեան դատ բացաւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հինգ երեսփոխաններու դէմ:

Ոստիկանութիւնը փետրուարին ձերբակալած էր քրտամէտ կուսակցութեան 718 անդամներ` զանոնք ամբաստանելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Որոշ երկիրներու` Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւնները անհամատեղելի են օրէնքի գերակայութեան հետ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք անոնց, որոնք անհետեւողական են եւ կը փորձեն միջամտել ներքին գործերուն, յարգելու անկախ դատարաններու դատավարութիւնները»:

 

Նախորդը

Զարիֆ Կ՛այցելէ Թուրքիա

Յաջորդը

Հուսիները Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Մեծ Յարձակում Գործելով` 6 Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածեցին Ռիատի Մէջ Արամքօ Ընկերութիւնը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.