«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, կը կատարուին երկու մրցումներ:
Պայէրն Միւնիխ կը հիւրընկալէ Լացիօ Ռոման, իսկ Չելսի` Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Երթին Պայէրն Միւնիխ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ Չելսի` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:



