Երէկ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ մրցեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ, արձանագրեց 128-97 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Իսկ Ուորիըրզէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քարի (27 կէտ):
Իր կարգին, թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ճէյմս Հարտեն (21 կէտ, 15 ռիպաունտ, 15 էսիսթ), երբ անոր կազմը` Պրուքլին Նեթց, 117-112 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Եորք Նիքսին:



