Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

March 15, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 14 մարտ  2021-ին, համանուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքով` «իբրեւ Քրիստոսի մէկ զինուորը` պատրաստ եղիր պատերազմ մղելու»` նկատել տալով, որ առանց աշխատանքի, յոգնութեան, քրտինքի եւ ճիգի կեանքի մէջ ոչինչ կը կերտուի: Սրբազանը բացատրեց, որ հաւատացեալին կեանքը կրաւորական վիճակ չէ, այլ` կ՛ենթադրէ հոգեւոր ճիգ, եռանդ, Աստուծոյ հետ յարատեւ յարաբերութիւն, որպէսզի Աստուած մեր սրտերուն նայելով մեզի պարգեւէ մեր իսկական կարիքներն ու խնդրանքները` աւելցնելով, որ իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ` պարտինք կեանքին մէջ մեր հաւատքին համար մեր դաւանած սրբութիւններուն նուիրական սկզբունքներուն համար պայքարիլ:

Անդրադառնալով Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին` առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, թէ եկեղեցին իր անունը ժառանգած է քառասուն երիտասարդ կտրիճներէ, որոնք ո՛չ միայն հռոմէական բանակին մէջ քաջաբար իրենց զինուորական ծառայութիւնը կը մատուցէին, այլեւ քրիստոնէական եւ քրիստոնէավայել կեանք կ՛ապրէին իրենց զինուորական ասպարէզին մէջ: Սրբազանը բացատրեց, որ եկեղեցին զիրենք «մանուկ» կը կոչէ գրաբարի հասկացողութեամբ, որ կը նշանակէ երիտասարդ, կեանքով լի, ապագայի հանդէպ խոստմնալից:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ ներկայիս հաւատքը սկսած է տկարանալ մեր մէջ, հոգեպէս կը զիջինք ամէն նուիրական սրբութիւն, կը կծկուինք, կը խեղճանանք` կորսնցնելով մեր ժողովուրդի քաջութեան, արիութեան, դիմադրողութեան այն նկարագիրը, որուն շնորհիւ դարեր շարունակ տեսակաւոր հարուածներու դիմաց տոկալով ապրեցանք ու կը շարունակենք ապրիլ:

«Քառասուն երիտասարդ քաջարի զինուորականներ քրիստոնէական արժէքը պաշտպանելու համար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին նման այն հերոսներուն, որոնք ղարաբաղեան վերջին անցուդարձերուն ընթացքին իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենի հողին պաշտպանութեան համար», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ անոնք ֆիզիքապէս ինկան, բայց անոնց յիշատակը պէտք է ապրի մեր մէջ, պէտք է մեզի կեանք պարգեւէ, որպէսզի մենք մեր պայմաններով շարունակենք այն բոլոր գործերը, որոնք նուիրական էին ու կը շարունակեն նուիրական մնալ:

Յայտնենք, որ պատարագը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ:

 

Նախորդը

«Պէյրութի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւններուն Միջեւ Ստորագրուած Պայմանագիրին Առնչութեամբ Ո՛չ Մէկ Օրինական Կամ Դատական Տարակարծութիւն Կայ» Շեշտեց Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան

Յաջորդը

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախի Վերաբերող Ուսումնասիրութիւններու Ձեռնարկելու

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.