Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, այսօր` շաբաթ, 13 մարտին, Պէյրութի շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ ֆետերասիոնին բաժակի վազքի մրցումը:
Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 10 քմ եւ անիկա տեղի պիտի ունենայ երեք դասակարգերու մէջ. տղաք, աղջիկներ եւ մասթըրզ (երկսեռ, 35 տարեկան եւ վեր):
Նշենք, որ ժամը 7:45-ին կը սկսի տղոց մրցումը, 8:45-ին` աղջկանցը, իսկ 10:00-ին` մասթըրզինը:
Իւրաքանչիւր մրցումէ ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակային դիրք գրաւած մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նշեց, որ բոլոր նախազգուշացումները որդեգրուած են` մարզիկները «Քորոնա» ժահրի վարակումէն հեռու պահելու համար:



