Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Այս հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 15-17 մարտին` գլխաւորութեամբ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մհեր Միրումեանի:
Նշուեցաւ, որ հաւաքին վերջին օրը` 17 մարտին, հաւաքականը նոյն վայրին մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ակադեմիա-05-ի խումբին դէմ:



