28 մարտին ազդանշանը կը տրուի «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան, երբ տեղի կ’ունենայ Ա. հանգրուանի կրան փրին, Պահրէյնի մէջ:
Նշենք, որ տարեշրջանի վերջին կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 12 դեկտեմբերին, Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Երէկ, յատուկ առիթի մի ընթացքին, «Ֆեռարի» ներկայացուց այս տարեշրջանին մասնակցող իր ինքնաշարժը, որ կը կրէ «Էս. Էֆ.-21» անուանումը:
Այս տարեշրջանին անոր երկու վարորդները պիտի ըլլան Մոնաքոն ներկայացնող Շարլ Լեքլեր եւ սպանացի Քարլոս Սայս:



