Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը որեւէ պարագայի բարի կամեցողութիւն պիտի չցուցաբերէ եւ նմանատիպ միակողմանի քայլերու պիտի չդիմէ, որպէսզի Իրանը համոզէ վերադառնալու հիւլէական գործարքին շուրջ բանակցութիւններուն` Թեհրանի հիւլէական խնդիրի լուծման համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայս:
«Մենք միակողմանի որեւէ քայլի պիտի չդիմենք, որպէսզի Իրանը համոզենք բանակցութիւններու սեղան նստելու: Եթէ իրանցիները տպաւորութիւն ունին, թէ հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալու ուղղութեամբ իրենց կողմէ որեւէ նախաձեռնողականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ մենք միակողմանի քայլերու պիտի դիմենք կամ բարի կամեցողութիւն պիտի դրսեւորենք, ապա անոնք սխալ տպաւորութիւն ունին», յայտարարած է Փրայս:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ 2018-ին` նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումով դուրս եկան 2015-ին Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահութեան օրով Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով սրեցան:
Այժմ կողմերը իրարու կը ներկայացնեն նախապայմաններ, Ուաշինկթըն կը պահանջէ, որ Իրան դադրեցնէ իւրանիոմի հարստացումը եւ վերստանձնէ հիւլէական համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները, իսկ Թեհրան, ի պատասխան, կը պահանջէ, որ Միացեալ Նահանգներ նախ ջնջէ իր հաստատած ծանր պատժամիջոցները, որմէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ երկխօսութիւն կատարել:



