Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Ապահովութեան Ուժերը Իրենց Պարտականութիւններուն 90 Առ Հարիւրը Գործադրելու Կարողութիւն Չունին»

March 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային վատ վիճակը մղած է, որ լիբանանցիները ուղղուին փողոց եւ այս կացութեան դէմ իբրեւ բողոք փակեն ճամբաները:

«Իբրեւ ներքին գործոց նախարարութիւն նախընտրեցինք գործակցիլ քաղաքացիներուն հետ: Իսկ ճամբաներուն բացումը կատարուեցաւ, երբ սկսան մայրուղիներուն վրայ պատահիլ աղէտալի դէպքեր, որոնց զոհը գացին քաղաքացիներ, ինչպէս` Շեքքայի մայրուղիին վրայ ինքնաշարժի արկածը, որ պատճառեց երկու երիտասարդներու մահը», ըսաւ ան:

Ֆահմի շեշտեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը տիրէ քաոսային մթնոլորտ` յարանուանական, համայնքային եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն պատճառով: «Այս պատճառով տնտեսական, ապահովական, ելեւմտական, ընկերային, առողջապահական եւ մշակութային բոլոր գործիքակազմերը չեն գործեր: Բնականաբար մենք կորսնցուցած ենք ապահովական կայունութիւնը ամբողջական կերպով հակակշռելու մեր կարողութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ լիբանանեան կուսակցութիւնները չկրցան ազգային փրկութեան ծրագիր մը մշակել` փրկելու համար Լիբանանի մնացորդացը», ըսաւ ան:

Ֆահմի հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը ամէնօրեայ դրութեամբ կը սպառին եւ գետնի հաւասար եղած են, այն աստիճան, որ անոնք իրենց պարտականութիւններուն 90 առ հարիւրը գործադրելու կարողութիւն չունին:

«Ապահովութեան ուժերուն ամսական աշխատավարձը արժեզրկուած է: Հակառակ անոր որ ապահովական կառոյցին հանդէպ ապահովութեան ուժերուն նուիրումը առկայ է, սակայն անիկա անբաւարար է, եթէ անոնց ընտանիքները անօթի են եւ աղքատացած», ընդգծեց Ֆահմի:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծումը կը սկսի փրկութեան կառավարութեան կազմութեամբ` աւելցնելով, որ իբրեւ ապահովական կառոյցներ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երաշխաւորելու երկրին ապահովական կայունութիւնը, «սակայն երկիրը բաց է ապահովական ամէն տեսակի ցնցումներու դիմաց, հակառակ Լիբանանը պաշտպանելու մեր ճիգերուն», շեշտեց ան:

Մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆահմի ընդգծեց, որ կան նիւթական, գումակային եւ առողջական պայմաններ, որոնք կրնան արգիլել այդ ընտրութիւններուն կայացումը, «սակայն հաւանական է, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու թուական ճշդեմ 16 կամ 23 մայիսը», աւելցուց Ֆահմի:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը դատավարութեան ենթարկելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆահմի ընդգծեց, որ այս թղթածրարը քինախնդրութեան հարց է, իսկ ինք իբրեւ ներքին գործոց նախարարութեան ու քաղաքապետարաններու հեղինակութեան պահապան պիտի արգիլէ ոեւէ սպայի արժանապատուութեան դպչիլ, այլապէս` կրնան զինք պաշտօնազրկել:

 

 

 

Նախորդը

Սահմանագծում Կատարելու Առումով` Իսրայէլացի Նախարար Մը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Հետ Լուծման Մը Յանգելու

Յաջորդը

Պըրրի Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Իսրայէլեան Նաւթի Կաթեցումին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.