Քաթալոնական Պարսելոնայի նորընտիր նախագահ Խուան Լափորթայի նախաձեռնութեամբ, ակումբը պաշտօնական առաջարկ մը կատարեց Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ` Սերճիօ Ակուերոյին, որուն պայմանագրութիւնը անգլիական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան Ակուերօ եւ անոր ակումբը` Մանչեսթըր Սիթի, նոր պայմանագրութեան գծով որեւէ բանակցութիւն չեն կատարած:
Ան 2011-ի ամրան Աթլեթիքօ Մատրիտէն միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին:



