Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Կը Հաստատէ, Որ Իսրայէլ Աշխատանք Կը Տանի Լրտես Էլի Քոհենի Աճիւնը Ստանալու

March 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի մէջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն օրեր առաջ յայտնեց, թէ իր կառավարութիւնը մեծ ջանք կը թափէ գտնելու եւ Իսրայէլ վերադարձնելու աճիւնը իսրայէլացի լրտես Էլի Քոհենի, որ 55 տարի առաջ Դամասկոսի մէջ մահապատիժի ենթարկուած էր:

Քոհեն 1965 թուականին Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացուած էր: Ան յաջողած էր Սուրիոյ իշխանութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնի հասնիլ:

2018-ի ամրան Իսրայէլ յայտարարած էր, որ «Մոսատի թշնամի երկրի մը մէջ յատուկ գործողութեան մը ճամբով» վերատիրացած է Քոհենի ժամացոյցին, որ ան կը կրէր իր «արաբական կեղծ ինքնութեան» ծիրին մէջ:

Վերջին շաբաթներուն տեղեկութիւններ կը շրջանառուէին, թէ Իսրայէլ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Սուրիոյ հետ կը բանակցի Քոհենի պատկանող իրեր եւ մինչեւ իսկ անոր աճիւնը ստանալու համար:

Նեթանիահու «Այ 24 Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի այդ առնչութեամբ հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Ատիկա ճիշդ է»:

«Ես վճռակամ եմ հայրենիք վերադարձնել մեր բոլոր զինուորները, որոնք պատերազմի դաշտին մէջ ինկած են: Արդէն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իմ իւրայատուկ հաղորդակցութիւններուս ճամբով վերատիրացանք Զախարի Պոմելի աճիւնին», յայտնեց Նեթանիահու` աւելցնելով. «Մենք կը շարունակենք Էլի Քոհենի վերաբերեալ աշխատանքը»:

Նշենք, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը ապրիլ 2019-ին` Նեթանիահուի իշխանութեան վրայ մնալ արտօնած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն նուազ քան մէկ շաբաթ առաջ 1982-էն ի վեր կորսուած զինուոր Պոմելի աճիւնին ստանձնումը յայտարարեց:

 

Նախորդը

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Կարեւոր Դաշնակիցն Է» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Յաջորդը

«Մենք Կը Նախատեսենք Հնդկական Ովկիանոսը Կապել Եւրասիոյ Հետ` Հայաստանի Միջոցով» Կ՛ըսէ Իրանի Մէջ Հնդկաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.