Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 1.300 լ. ոսկիով, մազութը` 1.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 500 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը եղած է 35.800 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 34.800 լ. ոսկի, մազութը` 24.400 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 25.800 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Իսրա Միրաժի տօնին առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ հաստատեց, որ կ՛ապաւինին երկրին սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց իրագործելու ժողովուրդին փրկութեան պահանջները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կարեւորը հաստատութենական պետութեան կերտումն է` հաստատելով, որ կինը կրնայ փոփոխութիւն իրականացնել Լիբանանի մէջ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն, ինչպէս Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ` գործելով կեղծ յարձակումներ: Աւելի ուշ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց նաեւ Արեւմտեան Պեքաայի, Ռաշայայի, Սայտայի եւ Քեսրուանի վերեւ: Նշենք, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանին մէջ իսրայէլեան փոխադրատար մը 50 իսրայէլացի զինուոր փոխադրեց Քֆարքիլայի հանդիպակաց վայրին մէջ գտնուող շրջանը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ մտավախութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ քաղաքական մեծ սպանութեան մը հաւանականութենէն: Ան հաստատեց, որ ինք կը մերժէ ճամբաներու փակումը` աւելցնելով, որ փողոցին վրայ կ՛արձանագրուին կարգ մը միլիսական քայլեր, որոնք մերժելի են:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի հերքեց իր մասնակցութիւնը կանեփի ցանքի յատուկ խորհրդաժողովի մը, ուր ներկայ գտնուած են նաեւ իսրայէլացիներ: Ան հաստատեց, որ այդ խորհրդաժողովին հրաւիրուած է, սակայն երբ իմացած է, թէ իսրայէլացիներ եւս կը մասնակցին անոր, ապա հաստատած իր բացակայութիւնը անկէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յաջողութեան առումով ճիգերը աշխուժացած են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ ժամանակը հասած է լիբանանեան համախոհութեան եւ ազգային զօրակցութեան, «որովհետեւ բոլորս եղբայրներ ենք եւ նոյն երկրին զաւակները», շեշտեց ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին վրայ: Ան հաստատեց, որ ոմանք կը փորձեն թիրախ դարձնել ներկայ իշխանութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք լաւ կը հասկնան բանակի հրամանատարին արտայայտած ցաւն ու մտահոգութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի Պաապտա պիտի այցելէ, երբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառավարութեան կազմութեան առումով նորութիւն ունենայ փոխանցելիք:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ Լիբանանի ներկայ իշխանութեան անձնասիրութիւնն ու ահռելի ձախողութիւնը:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ հաստատեց, որ ժողովուրդին զայրոյթը պէտք է ժայթքի հիմնական պահանջով, որն է 118 երեսփոխաններու հրաժարականը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նախանցեալ օր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կատարած իր այցելութենէն ետք ուղղուած է Պաապտա, ուր հանդիպած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին պիտի այցելէ շարք մը այլ երկիրներու մայրաքաղաքներ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ռուսական պաշտօնական պատուիրակութեան մը Լիբանան այցելութիւնը հաւանական է: Կը նախատեսուի, որ Պէյրութի մէջ պատուիրակութիւնը քննարկէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող խորհրդաժողովի մը գումարումին հարցը:

Նախորդը

Խօսքէն Անդին` Ծրագիր Եւ Գործ – Բ. – Ազգային-Պետական Միացեալ Ծրագիր

Յաջորդը

Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Եպիսկոպոսները Կոչ Կ՛ուղղեն Կազմելու Կարողութիւններով Օժտուած Կառավարութիւն Մը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.