Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ վրայ բանեցուած ճնշումը` Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգեր ձեռք բերելուն առնչուող, կրնայ հակառակ ազդեցութիւն եւ հետեւանքներ ունենալ: Այս մասին «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:
«Երբ այլ երկիր մը մեզի կը մօտենայ առաւելապաշտական դիրքորոշմամբ եւ պահանջներ կը ներկայացնէ` տուեալ դէպքը «կա՛մ մեր ձեւով, կա՛մ ընդհանրապէս պիտի չըլլայ», ոգիով, ապա այդ մօտեցումը մեզ այլ ուղղութիւններու կը մղէ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:
Ըստ Քալընի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տարակարծութիւններ կային, «սակայն անոնք վերացած են` կառուցողական երկխօսութեան միջոցով»: «Ինչո՞ւ մենք չենք կրնար նոյնը ընել Միացեալ Նահանգներու հետ», հարցուցած է ան:
Բանբերը շեշտած է, որ Թուրքիա կրնայ «Էս-400» համակարգեր ունենալ այնպիսի ձեւով, որ չխախտէ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանական համակարգը:
«Այս խնդիրները կարելի է լուծել կառուցողական երկխօսութեան միջոցով` բաց եւ ազնիւ, սակայն ամերիկացի քաղաքական գործիչները պէտք է հասկնան, թէ մենք որքանով լուրջ կը վերաբերինք այդ հարցերուն: «Էս-400»-ի գնման մասին որոշումը կարելի չէ տալ մէկ գիշերուան մէջ», նշած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:



