Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ, Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն «Թուիթըր»¬ի իր էջին վրայ անդրադարձած է հայ գերիներու խնդիրին:
Ան գրած է, որ Ազրպէյճան մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ գործած է: «Անցեալ տարուան տագնապին ընթացքին Ազրպէյճան մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ կատարած է: Ազրպէյճանցիները կը շարունակեն իրենց մօտ պահել հարիւրաւոր հայեր` այդպիսով իսկ խախտելով միջազգային օրէնքը: Ես անձամբ խօսած եմ Պայտընի վարչակազմին հետ, որպէսզի անյապաղ լուծուին այդ խնդիրները», նշած է Ֆրանք Փալոն:



