Ֆրանչիսկոս պապը երէկ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին յայտնուելէն ետք իր կատարած առաջին միջազգային ուղեւորութեամբ հասաւ Պաղտատ` այդպիսով դառնալով պատմութեան մէջ առաջին պապը, որ կ՛այցելէ Իրաք:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակն ու ապահովական վտանգները այս այցելութիւնը դարձուցին Ֆրանչիսկոս պապին կատարած ամէնէն վտանգաւոր այցելութիւնը, սակայն 84 տարեկան պապը պնդեց, որ ինք Իրաք այցելելու «պարտաւորութիւնը ունի»: Ան օդանաւին մէջ լրագրողներուն ըսաւ, որ իրաքցի քրիստոնեաները կարելի չէ «երկրորդ անգամ ըլլալով յուսախաբ դարձնել»` ակնարկելով 1999-ին Սատտամ Հուսէյնի կառավարութեան քայքայումէն ետք Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի Իրաք այցելութեան ջնջումին:
Պապը իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Իրաքի շիի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Սիսթանիի հետ եւ Էրպիլի մէկ մարզադաշտին մէջ պատարագ պիտի մատուցէ:
Պապը երէկ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի հետ: Հանդիպումէն ետք ան ըսաւ.«Այստեղ եկայ իբրեւ ուխտաւոր, որպէսզի քաջալերեմ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վկայութիւնը: Այստեղ եմ իբրեւ ապաշխարող, եւ ներում կը հայցեմ ամբողջ այս քանդումին համար, եւ ուխտաւոր մը, որ խաղաղութիւն կը բերէ»:
Ան կոչ ուղղեց ամէնուրեք վերջ տալու զէնքերու տարածման, դադրեցնելու սեփական շահերն ու առիթ տալու ներողամտութեան: «Եզիտիները իրենց պատկանելիութեան եւ ինքնութեան պատճառով անմեղ զոհերն են անհեթեթ բարբարոսութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իրաքը կոչուած է ցոյց տալու, որ տարբերութիւնները կրնան փոխուիլ համակեցութեան եւ ներդաշնակցութեան»:
«Պէտք է քաջալերել երկխօսութիւնը, եւ կոչ կ՛ուղղենք` ճանչնալու բոլոր հասարակութիւններն ու ուղղուածութիւնները», ըսաւ պապը:
Ֆրանչիսկոս պապը նաեւ կոչ ուղղեց, որ «Քորոնա»¬ի դէմ պատուաստներու արդար ցրուում կատարուի:
Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ իր կարգին Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք այցելութիւնը նկատեց «ազնիւ պատգամ մը, միասնականութեան պատգամ մը եւ Իրաքի նկատմամբ նախանձախնդրութեան փաստ մը»:
«Իրաքցիները այսօր հպարտ կը զգան հակառակ ներկայ պայմաններուն ձեր հիւրաբար ներկայութեամբ», ըսաւ ան` նշելով, որ իրաքցիները «նախանձախնդիր են իրենց եկեղեցիները պաշտպանելու, ճիշդ ինչպէս իրենց տուները կը պաշտպանեն»:
«Իրաքի եւ արեւելքի քրիստոնեաները այս հողին բնակիչներն են ու աղը, եւ իրենց պատմական ներդրումները ունին», յայտնեց Իրաքի նախագահը` աւելցնելով. «Շրջանէն քրիստոնեաներու գաղթը վտանգաւոր հետեւանքներ ունի, եւ կարելի չէ մեր ապագան երեւակայել առանց անոնց»:
Ֆրանչիսկոս պապը Իրաքի նախագահին հետ իր հանդիպումի աւարտին այցելեց Պաղտատի մէջ ասորի կաթողիկէներու Ս. Աստուածածին եկեղեցի:
Նշենք, որ Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայեպ երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Եղբօրս` Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք պատմական ու յանդուգն այցելութիւնը իր մէջ ամբողջ իրաքցի ժողովուրդին խաղաղութեան ու զօրակցութեան պատգամ կը պարունակէ: Աստուծմէ կը խնդրեմ անոր յաջողութիւն պարգեւել»:



