Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բագին, 2020 Թիւ 4

March 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տողերը կը գրուին, երբ հայոց պատմութեան վերջին հարիւր տարուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով աղէտալի պարտութիւն մը արձանագրուած է։ 30 հոկտեմբեր 1920ին, Կարսի անկումը փաստացի վերջը կը դնէր հայ-թրքական պատերազմին եւ սկիզբը Հայաստանի առաջին անկախութեան անկումին։ 9 նոյեմբեր 2020ին, Արցախի մէկ ու կէս ամսուան անհաւասար պատերազմը կասեցնող տխրահռչակ համաձայնագիրը կը ստորագրուէր՝ իր ցնցիչ հանգամանքներով ու դեռ լիովին չպարզաբանուած հետեւանքներով։

Ինչպէս Կարսը անցեալին, ներկայիս ալ Արցախը խորունկ վէրք մը կը բանայ մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ։ Երէկ Չարենց մը պէտք էր, որ փորձէր այդ վէրքը դարմանել իր գրական հանճարի նշդրակով՝ Երկիր Նայիրի վէպին մէջ։ Այսօ՞ր…։

Բագինի այս թիւին գեղարուեստական բաժինը նուիրած ենք Արցախի գրողներուն, համախմբելով արծիւներու այդ բոյնէն եկած գրական էջերու փունջ մը, ջանալով ցոլացնել թէ՛ ստեղծագործական հեւքի անմիջականութիւնը եւ թէ՛, գոնէ ձեւով մը, ռազմական երեսնամեայ իրադրութենէն ծնած վիճակներ։ Այս գործերէն մէկ քանին, ինչպէս պիտի նկատէ ընթերցողը, ծնած են վերջին պատերազմի օրերուն, իսկ աւելի վաղ գործերը՝ գէթ մասամբ, կը ներկայացնեն միեւնոյն տեսակի ապրումներ։ Բոլոր պարագաներուն, արցախցի գրողները, անկախաբար իրենց գործերուն գեղարուեստական արժէքէն (ընտրութեան մէջ աշխատած ենք մեր գրական չափանիշները բարձր պահել, թէեւ երբեմն առաջնութիւնը տուած ենք հեղինակային բխումի թարմութեան), անկոտրում՝ ու կարելի է ըսել միասնական պահանջ մը կը ներկայացնեն. մարդկօրէն իրենց հողին վրայ ապրելու անշրջանցելի մղումը։ Այսպէս է, որ ծնած է արցախեան շարժումը 1988ին եւ մինչեւ այսօր այս տարրական պահանջին դիմաց է, որ աշխարհը խուլ ու համր կը ձեւանայ, ինչպէս պարզուեցաւ 27 սեպտեմբեր – 9 նոյեմբեր 2020 ժամանակաշրջանին, բոլոր անոնց համար, որ մոռցած էին 1915–1921ի հայոց պատմութեան դասերը եւ կը հաւատային, որ նորութիւն մը կայ արեւուն տակ…

Արցախին տրամադրելով մեր էջերը կը ցանկանք մեր ընթերցողներուն աւելի հաղորդակից դարձնել անոր գրական մշակներուն եւ անոնց ստեղծումներուն, այն յոյսով, որ մեր պատմական հայրենիքի միշտ կենդանի եւ ԺԸ. դարու ազատամարտերէն մինչ օրս արիութեան բազում գործեր իրագործած այդ հողամասը պիտի շարունակէ վառ մնալ մեր գիտակցութեան մէջ՝ նաե՛ւ գրականութեամբ։

 

Նախորդը

Խմբագրական. Որպէսզի Չէզոքութիւնն Ու Միջազգայնացումը Չհակասեն Զիրար

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարական Առժամեայ Ուղեցոյց Մը Հրապարակեց

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.