Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց Քֆարտըպիանի դահուկարշաւի կեդրոնները:
Քֆարտըպիանի քաղաքապետարանին մէջ նախարարը դիմաւորեց քաղաքապետ Պասսամ Սալամէ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները:
Հանդիպումին ընթացքին Սալամէ բարձր գնահատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի աշխատանքները եւ նուիրուածութիւնը մարմնակրթութեան մարզի բարգաւաճումին:
Իր կարգին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քֆարտըպիանի քաղաքապետութեան եւ քաղաքապետին, որոնք հակառակ «Քորոնա»-ի համաճարակին, ճիգ չեն խնայեր դահուկարշաւի այս եղանակը յաջողցնելու նպատակով:
Ապա Վ. Օհանեան-Գէորգեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շրջեցան ստուգման այն կէտերը, ուր պիտի ստուգուին դահուկարշաւի մասնակցելու համար տրուած արտօնութիւնները:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ «Մզար» դահուկարշաւի համալիրը, ուր ստուգեց կատարուած բծախնդիր ու հսկայական աշխատանքը` դիմաւորելու համար դահուկարշաւի երկրպագուները:
Ան բարձր գնահատեց քաղաքապետարանին կողմէ կատարուած աննախընթաց աշխատանքը` յաջողցնելու համար այս եղանակը եւ պահպանելու համար հանրային բարօրութիւնը:
«Հակառակ տիրող տնտեսական, ապրուստի եւ առողջապահական դժուար պայմաններուն, Քֆարտըպիանի քաղաքապետարանը 19 օրուան ընթացքին կազմակերպեց ու գործադրեց այս աշխատանքը` աշխուժացնելու համար շրջանին մարզական զբօսաշրջութիւնը», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց այս փուլին տնտեսական շարժումը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ այս ձեւով կը գործեն շրջանին փոքր հանրախանութները, դահուկարշաւի մրցումներու կայացման յատուկ վայրերն ու անոնց անձնակազմերը, ձմեռնային կեցութեան վայրերն ու անոնց աշխատակազմերը:
«Պատրաստ ենք ամէն իմաստով օժանդակելու` պահպանելու համար մարզական այս զբօսաշրջութիւնը», շեշտեց ան:



