Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեան. Քաղաքական Եւ Հասարակական Գործիչ

March 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ղարաքիլիսայի Ճակատամարտը

Թուրք-հայկական պատերազմի վճռական տեղամասերէն էր նաեւ Ղարաքիլիսայի ճակատը: Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք Լեղաքարայինի ուղղութեամբ շարժուող թուրք զօրամասը մայիսի 20-ին գրաւած է Աջուելը, Աղբուելը (Լուսաղբիւր), Թաղքչին (Հարթագիծ), մայիս 21-ին` Տաշիրը: Մայիս 22-ին հայկական բանակի հրամանատարը (Թովմաս Նազարբեկեանի) եւ սպայակոյտը տեղափոխուած են Դիլիջան: Ողջանալիի (Ստեփանաւան) մօտ մայիսի 21-22-ի մարտերէն ետք Անդրանիկի զօրամասը կեդրոնացած է Դսեղ գիւղը եւ հետագայ գործողութիւններուն չէ մասնակցած: Հրամանատար Նազարբեկեանի հրամանով գնդապետ Աթաբեկ Բեյ-Մամիկոնեան եւ 2 լեռնային մարտկոցներ փոխադրուած են Շահալի (Վահագնի), մնացածները կեդրոնացած են Դիլիջանի մօտ: Հայկական զօրքը ունեցած է 6 հազար զինուոր, 10 հրանօթ եւ մօտ 20 գնդացիր,  թուրքական զօրքը` 10 հազար զինուոր, 70 հրանօթ եւ 40 գնդացիր: Ճակատամարտին մասնակցած է Գարեգին Նժդեհը` իր 100 հեծեալներով: Հայկական ուժերը հիմնական հարուածներ հասցուցած են թրքական ուժերուն Ղշլայ (Դարպաս) գիւղին մօտ, Բզովդայի մատոյցներուն եւ Մայմեխ լերան լանջերուն: Մարտերու ընթացքին աչքի ինկած են գնդապետ Նիկոլա Ղորղանեանի զօրամասը, հերոսաբար զոհուած Գուրգէն Տէր Մովսէսեանի հրետանիի զինուորները եւ ուրիշներ: Հայերը կրած են զգալի կորուստներ, սակայն անոնք անցած են հակայարձակման եւ մայիս 30-ին խուժած են Ղարաքիլիսա:

Հետագային հայկական ուժերը հարկադրուած նահանջած են Դիլիջան: Ղարաքիլիսայի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ թուրք ջարդարարները կոտորած են հայ բնակչութիւնը, շուրջ` 5000 մարդ եւ քանդած` բնակավայրեր: Ղարաքիլիսա ճակատամարտին մեծ կորուստներ պատճառելով հակառակորդին` կասեցուցած են անոր գերակշիռ զօրքի յառաջխաղացումը դէպի Դիլիջան եւ Թիֆլիս: Սարդարապատի մէջ տեսնուած են նաեւ` հեծելազօրի հրամանատար Յովհաննէս Բաղրամեանը, գնդապետ Դոլուխանեանը, գրող Ակսել Բակունցը, լեզուաբան Գրիգոր Ղաբանցեանը, բազմաթիւ հոգեւորականներ` Գարեգին եպս. Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ: Մայիսեան հերոսամարտերը ձախողած են հայերուն վերջնականապէս բնաջնջելու երիտթուրքերու ծրագիրը: Այդ մարտերու շնորհիւ Արեւելեան Հայաստանի շրջանի մը մէջ վերականգնուած է հայկական պետականութիւնը. 1918 մայիսի 28-ին հռչակուած է Հայաստանի Ա.  Հանրապետութիւնը, դրուած է ամբողջական հայրենիքի վերականգման ճանապարհի սկիզբը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ստեղծում

1918 թուականի մայիս 28-ին սկսաւ Հայաստանի անկախութիւնը, ստեղծուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որով կը նշանաւորուի Արամ Մանուկեանի պետական գործունէութեան երրորդ փուլը: 1918 թուականի մայիս 30-ին Թիֆլիսի Հայոց Ազգային խորհուրդը իրեն հռչակած էր նորանկախ Հայաստանի գերագոյն իշխանութիւն:

Պետական իշխանութեան ու ժողովուրդի ճակատագրին տէր կանգնելով` Արամ Մանուկեան անմիջապէս սկսաւ Հայաստանի անկախութիւնը պետականութեան հիմքերու վրայ դնելու գործը: 1918 թուականի յունիսի կէսերուն Արամը կը նախաձեռնէ Հայաստանի ժամանակաւոր կառավարութեան` Երեւանի Ազգային խորհուրդի վարչութեան ստեղծումը: Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ, Երեւան կը ժամանէն Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի կառավարութիւնը «1918 թուականի յուլիսի 20-ին: Արամ Մանուկեանը կ՛ըլլայ վարչութեան նախագահ եւ զինուորական բաժնի վարիչը:

Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ գործող Երեւանի կառավարութիւնը ձեռնամուխ կ՛ըլլայ ռազմական, վարչական, ընկերային տնտեսական ու այլ հրատապ հարցերու լուծման: Պետականաշինութեան գործին մէջ, լրատուութեան կարեւորութեան գիտակցելով, յունիս 23-ին, այդ բարդ ժամանակաշրջանին մէջ, կ՛որոշուի հիմնել պետական թերթ «Երեւանի Ազգային Խորհուրդի Լրատու» անուան տակ:

Նոր կառավարութեան մէջ Մանուկեանը ներքին գործերու նախարար էր եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ իր մահը, իր աշխատանքի ու խնամատարութեան նախարար Խաչատուր Կարճիկեանի սպանութենէն ետք, հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի  պաշտօնակատարութիւնը շարունակած է ան: Արամն էր, որ փաստօրէն կը կառավարէր երկիրը: Իբրեւ լիազօրուած անձ Ազգային խորհուրդի` ան կազմակերպած էր վարչութիւններ` կառավարութեան եւ նորընտիր  ազգային խորհուրդին մէջ:

Արամ Մանուկեան եղած է Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան ականաւոր  պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, ներքին գործերու նախարար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ: Ղեկավարած է Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, եղած է Վանի նահանգապետը:

Արամ Մանուկեանը եղած է Վասպուրականի հայութեան ամէնէն աւելի ճանչցուած եւ սիրուած գործիչը: Արմենակ Երկանեանի եւ այլ գործիչներու հետ կազմակերպած ու ղեկավարած է 1915 թուականի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանութիւնը, զոր Արեւմտեան Հայաստանի առաջին եւ, աւաղ, միակ յաղթական կռիւն էր թուրքական եաթաղանին դէմ:

Ըստ իր ժամանակակիցներուն, Արամ Մանուկեանը իր նախաձեռնութիւններուն անձնական շահախնդրութիւն երբեք չէ հետապնդած: Ան ապրած է հասարակ երեւանցիի նման: Ան ամէնօրեայ անմիջական շփումներու մէջ եղած է իր ժողովուրդին հետ: Ան եղած է իրատես ու շրջահայեաց, նպատակասլաց ու հետեւողական, կազմակերպական բացառիկ ձիրք, անկոտրում կամք եւ իր ժողովուրդի ճակատագրի հանդէ՛պ մեծագոյն պատասխանատուութիւն ունեցող քաղաքական գործիչ, հայ քաղաքական գործիչներու փաղանգին առաջիններէն եղած է, որ հասկցաւ` հայը իր պայքարին յոյսը պէտք է դնէ բացառապէս իր ուժերուն վրայ: Ան նաեւ, որպէս նախարար, եղած է իր ժողովուրդի սիրելին:

Դեռեւս Վանի մէջ, երբ անոր կ՛այցելէ ընկերը` ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանը, կը զարմանայ անոր կենցաղին վրայ: Հետագային Ռուբէն Տէր Մինասեան կը գրէ, «Չորս պատ, չորս աթոռ, ո՛չ սեղան, ո՛չ էլ մահճակալ»: Ժամանակակիցները կը պատմեն, որ նոյնքան անշուք եղած է, Արամի Երեւանի բնակարանը, երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն ըրած են, ան պատասխանած է, «Դատարկ բաներով մի՛ մտահոգուիք:»

Հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակն ու ազգային հերոսը կը մահանայ բծաւոր տիֆէն, 1919 յունուար 29-ին, (1879-1919) հազիւ քառասուն գարուններ բոլորած, երիտասարդ տարիքին: Արամ Մանուկեանի յուղարկաւորութիւնը իսկական համաժողովրդային սուգի վերածուած է: Հանրապետութեան հիմնադիրին յուղարկաւորութեան ժամանակ, Նիկոլ Աղբալեանը, արցունքն աչքերուն, ըսած է իր պատմական խօսքը. «Երբ գիշերը գայ, մտէք ձեր հոգու սենեակն ու խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք` արդեօ՞ք աշխատել էք հայ ժողովրդի համար, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը»:

 

Հայ Անուանի Գործիչներու
Վկայութիւնները Արամի Մասին

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ. «Վանը բոլորի յիշողութեան մէջն է, Արամը հանդիսացաւ հայու հերոսական ոգին` փրկելով անոր ռազմական պատիւը: Երեւանը վկայ էր այն հզօր ուժին, որ կար ու կ՛ապրէր անոր մէջ, որ կազմակերպեց դիմադրութեան ուժը եւ այդ դիմադրութեան շնորհիւ կարողացաւ հիմք դնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան»:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ. «Կար ահաւոր վտանգը, որ ճակատած Վանի դէմ, գլխովին ոչնչացուած կը սպառնար Վասպուրականի հայութեան: Սակայն փառք բախտին, կար ու պիտի յայտնուէր Արամը: Եւ առաջնորդի իմաստութիւնը, միացած` վասպուրականցիի հերոսականութեան, հրեղէն պատնէշ պիտի կանգնէր Վանի շուրջ»:

ԶՕՐԱՎԱՐ Մ. ՍԻԼԻԿԵԱՆ. «Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին: Եւ ինչո՞ւ եմ հրաժարւում, որովհետեւ մէկ է` ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու: Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրդակցելու ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում»:

Նախորդը

Արցախցի Փոքրիկն Դաւիթ` «Ես Կ՛ուզեմ Կաթողիկոս Ըլլալ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.