Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՊԱՊՈՅԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՔԻԹԻ, ԿՈԿՈՐԴԻ ԵՒ ԱԿԱՆՋԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ

January 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի  Շրջանային  վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին  ու «Արաքսի  Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Գայեանէ»  եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն, երէկ` ուրբաթ, 27 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տոքթ. Կարպիս Պապոյեան դասախօսեց  քիթի, կոկորդի եւ ականջի հիւանդութեանց մասին:

Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Մկրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու հակիրճ կերպով ծանօթացուց  օրուան դասախօսը: Մկրեան այս առիթով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի հովանաւոր հաստատութեանց` ԱՖՀԻԼ-ին, Թրէյտ Փլասին, փուռ Իշխանեանին եւ ԼՕԽ-ի մէկ բարեկամին, ապա ան խօսքը փոխանցեց  օրուան դասախօս տոքթ. Կարպիս Պապոյեանին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ տոքթ.  Պապոյեան խօսեցաւ քիթի, կոկորդի եւ ականջի հիւանդութեանց մասին: Նախքան իր նիւթին սկսիլը, ան անդրադարձաւ յաճախ կրկնուող երեւոյթի մը, ուր հիւանդը կամ անոր հարազատները կը փորձեն հիւանդութիւնը դարմանել` դրացիի մը կամ բարեկամի մը եւ կամ դեղագործին թելադրած դեղով: Նման  պարագաներու գէթ տեղեակ պէտք է պահել բժիշկը եւ կամ հրաժարիլ նման սովորութենէ, որովհետեւ անոնք կրնան տեղեակ չըլլալ պարագայի հիւանդութեան մանրամասնութիւններէն եւ բուժելու փոխարէն կրնան աւելի ծանրացնել հիւանդին վիճակը: Խօսելով քիթի, կոկորդի եւ ականջի մասին` տոքթ. Պապոյեան նախ բացատրեց, թէ ականջը ունի երեք մասեր` արտաքին, միջին եւ ներքին ականջ` մանրամասնելով իւրաքանչիւրին ենթաբաժանումներն ու հիւանդութեանց պատճառները: Տոքթ. Պապոյեան  թելադրեց խուսափիլ ականջի արտաքին մասը  մաքրելու յատուկ ցպիկի  («քոթոն  թիժ») գործածութենէն` ականջի ներքին մասնիկներուն մէջ: Յատկապէս  ականջի ներքին մասի բորբոքումի պարագային հիւանդը կրնայ տառապիլ գլխապտոյտէ, յոգնածութենէ, սիրտխառնուքէ, հետեւաբար` անհրաժեշտ կը նկատուի  բժիշկին դիմելը: Ան խօսեցաւ նաեւ ականջի ներքին մասին մէջ գտնուող հեղուկին մասին, որ նախ կ՛ըլլայ դեղին, ապա հետզհետէ կը դառնայ սրճագոյն: «Այդ հեղուկին պարտականութիւնն է ականջը պաշտպանել փոշիէն, հովի հոսանքէն  ու զանազան աղտոտութիւններէ», յստակացուց  տոքթ. Պապոյեան:

Խօսելով քիթի մասին` ան յայտնեց, որ  ժամական մէկ միլիոն մանրէ կը մտնէ մարդու բերնին մէջ, անհրաժեշտ նկատելով` քիթով շնչելը: Կրիփի պարագային բժիշկը թելադրեց յաճախ ջուր խմել: Ապա ան խօսեցաւ քիթի սովորական բայց յաճախ կրկնուող հիւանդութեանց, յատկապէս` կրիփին մասին, թուելով անոր պատճառները, ախտանշաններն ու դարմանումի սկզբնական կարեւոր  քայլերը:

Անդրադառնալով կոկորդի հիմնական մասերուն` տոքթ. Պապոյեան խօսեցաւ կոկորդի ներքին բաժինի մասնիկներէն «թոնսիւլ»-ներուն մասին, յստակացնելով, որ անոնք մեր մարմինը պաշտպանող «զինուորներ»-ն են: Ան թուեց կոկորդի մասնիկներու, յատկապէս` «թոնսիւլ»-ներու բորբոքման ախտանշաններն ու պատճառները: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» (Պէյթ  Գոգոյի շրջան) մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի  Մանուէլեան  փակուած յայտարարեց ձեռնարկը` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բժիշկին:

Աւարտին, այս դասախօսական շարքին  յաջորդաբար երեք անգամ ներկայ գտնուած  ԼՕԽ-ականներ ստացան ձրի արեան քննութեան ենթարկուելու յատուկ կտրօններ: Նմանապէս,  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեանի առաջարկ-յիշեցումին  ընդառաջելով` ԼՕԽ-ականներ սիրայօժար մասնակցեցան ոսկրածուծի  տուչութեան արշաւին:

 

 

Նախորդը

ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

«ԱԶԻՐԵԱՆ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ «ՄՌԱՒԻՑ ԴԷՊԻ ԱՐԱՔՍ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.