Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, բաւական կարեւոր մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Արսենալի դաշտէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռահիմ Սթերլինկ` 2-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը ախոյեանութեան գծով վերջին 17 մրցումներուն ընթացքին կը մնայ անպարտելի (15 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն):
Արձանագրուած այս յաղթանակը Սիթիի համար եղաւ յաջորդական 13-րդը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սիթի այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 59 կէտ:
Սակայն երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը, կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` Էվըրթընէն, Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիի մրցումին, 2-0 արդիւնքով:
Այս պարտութիւնը Եիւրկըն Քլոփի կազմին համար եղաւ յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը` «Էնֆիլտ»-ի մէջ:
Վերջին անգամ Լիվըրփուլ այսպիսի ձախողութիւն ունեցած էր… 1923-ին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Լիվըրփուլ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 40 կէտ (Էվըրթընի նման), կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը` 19 կէտով ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիէն:



