Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Կանխարգելիչ Պատուաստի Նոր Հոսքերուն. «Քորոնա» Համավարակը Կը Շարունակէ Զոհեր Խլել

February 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք շաբաթավերջին գոհունակութեամբ կը հետեւէին աշխարհասփիւռ «Քորոնա» ժահրի համավարակի կանխարգիլման կոչուած պատուաստի երկրորդ ծրարի Լիբանան ժամանումին, անդին համավարակը կը շարունակէր իր մահասփիւռ աւերը` խլելով նոր զոհեր: Արդարեւ, վերջին 24 ժամերուն 43 նոր զոհեր եւ վարակումի 1685 նոր պարագաներ արձանագրուեցան: Այս գծով պատկան կողմեր շարունակեցին ուղղել իրենց կոչը` ընդառաջելու եւ արձանագրուելու պատուաստի ստացման ելեկտրոնային հարթակին` շեշտելով, որ փրկութեան միակ ելքը հոն է:

Այս գծով բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր կարգին կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն եւ յատկապէս զինուորականներուն` փութալու պատուաստի ստացման հաւանութեան արձանագրութեան, «որովհետեւ ներկայիս պատուաստն է մեր միակ փրկութիւնը»:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան շաբաթավերջին բացումը կատարեց Պաալպեքի հիւանդանոցի «Քորոնա»-ի յատուկ բաժանմունքին: Նշենք, որ այս շրջանը, հակառակ այդտեղ արձանագրուած բազմաթիւ վարակումներուն, նուազագոյն թիւով ընդառաջած է պատուաստի ստացման դիմումներուն:

Նոյն ծիրին մէջ «Քորոնա»-ի դիմակալման յատուկ յանձնախումբի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, թէ ցարդ կարելի եղած է պատուաստումի յատուկ 25 կեդրոններ դասաւորել` նշելով, որ աշխատանք կը տարուի այս թիւը 45 կեդրոններու բարձրացնելու:

 

Նախորդը

Առարկայական Ու Ենթակայական Ազդակներու Փոխազդեցութիւնը

Յաջորդը

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Գուժեց ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեանի Մահը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.