Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարեւորը Սփիւռքի Պարագային Հաւատքով Ապրելու Արուեստն Է» Հաստատեց Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

February 20, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Ազդակ»-ի 24-րդ առցանց լսարանին զեկուցաբերն էր դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ զեկուցեց «Սփիւռքը եւ յետպատերազմեան իրավիճակը» նիւթին մասին:Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Տէր Ղուկասեան պատերազմը սահմանեց իբրեւ հասարակական ամբողջական եղելութիւն մը եւ բաժանարար գիծով հանգրուանային բաժանում արձանագրեց պատերազմէն առաջ եւ պատերազմէն ետք հասկացողութիւններուն միջեւ: Ան իր վերլուծումը հիմնեց երկու արտայայտութիւններու վրայ. առաջինը` Երեւանի մէջ կեանքը բնականոն է, իսկ երկրորդը` վարչապետի ամանորեան ուղերձին` ամէն ինչ զերոյական կէտէն սկսելու արտայայտութիւններուն վրայ:

Այնուհետեւ զեկուցաբերը հարցադրեց, թէ յետպատերազմեան իրավիճակը բնականոնի շարունակութի՞ւնն է, թէ՞ զերոյական կէտը: Սփիւռքի զերոյական գետինի բանաձեւի որոնման ընթացքին Տէր Ղուկասեան հայ ըլլալու իմաստին, վերաիմաստաւորման անհրաժեշտութեան մասին խօսելէ ետք անդրադարձաւ սփիւռքի յարացոյցի փնտռտուքին իբրեւ հրամայական նոր ուղեցոյցի:

Համեմատական կատարելէ ետք 1920-ական թուականներու եւ ներկայ սփիւռքներու իրավիճակներուն` Տէր Ղուկասեան ընդգծեց սփիւռքագէտ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի բանաձեւը` աքսորեալ ազգէն անդրազգեան հաւաքականութեան կերտումի առումով:

Ճգնաժամերու հոլովոյթի ներկայացումէն ետք դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արծարծեց սփիւռքեան նոր եւ հեռանկարային  նկատառելի երեւոյթները` սփիւռքագիտութեան յառաջընթաց, արեւմտահայերէնի նկատմամբ նոր հետաքրքրութիւն, խօսակցական արեւմտահայերէնի կենսունակացում, թուայնացման ծրագիրներու բազմացում, ապագային նայող գիտաժողովներու կազմակերպում, սփիւռքի ինքնութեան ճանաչման պեղումներ եւ հայկական մշակոյթի տարածման նոր եղանակներ ու մեթոտներ:

Այս բոլորին մէջ զեկուցաբերը հասարակաց յայտարարը նկատեց համացանցը, որ անդրազգութեան գաղափարը կը հաստատէ` առաջարկելով, որ պէտք է ձեւաւորել հայկական համաշխարհային ցանց մը:

Յաճախ մէջբերումներ կատարելէ ետք սփիւռքի վերաբերող եւ «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին եզրայանգումներէն, Տէր Ղուկասեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեամբ չի պայմանաւորուիր սփիւռքի գոյութիւնը անպայմանօրէն: Եւ եզրակացուց, որ «կարեւորը սփիւռքի պարագային հաւատքով ապրելու արուեստն է»:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում` լսարանին մասնակցող սփիւռքագէտներու, պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու մասնակցութեամբ:

 

 

Նախորդը

«Փորձենք Մտածել . Նոյեմբեր 9-էն Առաջ Եւ Ետք»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.