Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը 26 մարտին Երեւանի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Պիելոռուսիոյ դէմ:
Նշենք, որ նախորդ տարուան աւարտին, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վերստանձնեց Ռաֆայէլ Նազարեան: 45 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը նախապէս 2011-2013 ժամանակամիջոցին եղած է հաւաքականին մարզիչը:
Անոր հետ հայրենի կազմը կատարեց 12 մրցում` արձանագրելով 5 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրելով 4 պարտութիւն:



