Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ռուսիայէն Կը Պահանջէ Վերաշարադրել Պատմութեան Դասագիրքը, Որուն Մէջ Կը Յիշատակուի Արեւելեան Հայաստանը

February 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը «լուրջ աղաւաղում» գտած է 9-րդ դասարանի «Ռուսիոյ պատմութիւն. 19-րդ-20-րդ դարու սկիզբ» դասագիրքի` Թուրքմենչայի համաձայնագիրին վերաբերեալ հատուածին մէջ: Դասագիրքի հեղինակներն են Լիաշչենքօ, Վոլոպույեւ եւ Սիմոնովա, անիկա տպագրուած է 2020 թուականին:

Դասագիրքին մէջ կը նշուի, որ ըստ համաձայնագիրին, Արեւելեան Հայաստանը մտած է Ռուսիոյ կազմին մէջ: 2020-ին լոյս տեսած Արսենթեւի, Տանիլովի, Լեւանտոքսքիի եւ Թոքարեւայի հեղինակած 9-րդ դասարանի այլ դասագիրք մը ցոյց կու տայ, որ Արեւելեան Հայաստանին մաս կազմող Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները անցած են Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ:

Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը դիմումներ ուղարկած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ կրթութեան նախարարութիւն` դասագիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու պահանջով: Դեսպանատունը կը պահանջէ վերատպել դասագիրքը եւ նշել, որ Արեւելեան Հայաստանը աշխարհագրական անուն է:

Ասիկա Ազրպէյճանի` պատմութիւնը խեղաթիւրելու հերթական փորձն է, որուն ծիրին մէջ Ռուսիոյ մէջ լայն գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ այդ երկրի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուն:

Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ աւելի ուշ հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը Ռուսիոյ Լուսաւորութեան նախարարութենէն ստացած է պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Արեւելեան Հայաստան պատմական շրջան եզրը խորհրդային ու ռուսական պատմաբանական գրականութեան մէջ օգտագործուած է նկարագրելու համար Թիւրքմենչայի համաձայնագիրը, եւ նկատի ունենալով, որ այդ շրջանը նշեալ համաձայնագիրին մէջ չէ նշուած 9-րդ դասարանի «Ռուսիոյ պատմութիւն. 19-րդ-20-րդ դարու սկիզբ» դասագիրքին մէջ, սրբագրութիւն կատարուած է եւ «Արեւելեան Հայաստան»-ը դուրս բերուած է բնագիրէն:

 

 

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Քոնկրեսի Շէնքին Դէմ Յարձակումի Հետաքննութեան Համար Անկախ Յանձնախումբ Պիտի Ստեղծէ

Յաջորդը

«Թուրքերը Երբեք Պիտի Չապրին Յոյներու Լուծին Տակ» Կ՛ըսէ Թուրք Կիպրացիներու Ղեկավարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.