Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութիւնը Կազմելու Համար Ամերիկեւիրանեան Երկխօսութեան Սպասելը Ամօթալի Է» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

February 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժեմայէլ շեշտեց անկախ եւ կարող կառավարութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի երկիրը կարենայ փրկել իր դիմագրաւած դժուարութիւններէն:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կազմելու համար ամերիկեւիրանեան երկխօսութեան սպասելը ամօթալի է:

Ժեմայէլ նշեց, որ Լիբանան մեծ պայթումի մը սեմին կը գտնուի: «Քանդումը արդէն իսկ պատահած է, իսկ պայթումը որեւէ ատեն կրնայ պատահիլ, երբ Կեդրոնական դրամատան մօտ պահեստի գումար չմնայ, եւ իբրեւ հետեւանք անոր տնտեսական եւ ընկերային մարզերու նիւթական նպաստները վերջ գտնեն:

«Լիբանանցիները հսկայ ցաւերէ կը տառապին: Աղքատութիւնը օրըստօրէ կ՛աւելնայ, եւ բոլորս կ՛ուղղուինք դէպի ընկերային հսկայական պայթում: Դժբախտաբար սահմանադրական պաշտօններու վրայ գտնուող ղեկավարներուն եւ անձնաւորութիւններուն վարուելակերպը երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն չի համապատասխաներ: Կարծէք պատասխանատուները ժողովուրդին ցաւը չեն զգար, երբ անոնք իրենց անձնական նեղ հաշիւները կը կատարեն եւ հաղորդագրութիւններ ու պատասխան-հաղորդագրութիւններ կը հրապարակեն: Այս տագնապն ու մրցակցութիւնը անհասկնալի են: Պէտք է դուրս գալ այս ճահիճէն եւ կազմել կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ սահմանադրական հիմնական աշխատանքը կատարել` երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելով», ըսաւ Ժեմայէլ` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:

Ժեմայէլ զգուշացուց խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որեւէ փորձէ` ընդգծելով, որ իրենք ոգի ի բռին պիտի պայքարին անոր դէմ:

«Մենք ոչինչէ եւ ոչ ոքէ կը վախնանք: Գիտենք, որ Լիբանան պատանդ վերցուած է, սակայն մենք ազատ պիտի մնանք եւ պիտի գործենք իբրեւ ազատականներ` առանց որեւէ սպառնալիքի դիմաց ետդարձ կատարելու կամ որեւէ ոճիրի դիմաց երկչոտութիւն ցուցաբերելու: Մեզի պիտի չկարենան վախցնել, հետեւաբար սպառնական պատգամներուն պէտք է վերջ տան», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Աուն Բանակայինները Քաջալերեց «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստը Ստանալու

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.