Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Քաղաքական Հարցերով Տեղակալի Պաշտօնին Առաջադրած Է Նուլընտի Թեկնածութիւնը

February 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր երկրի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալի պաշտօնին առաջադրած է Վիքթորիա Նուլընտի թեկնածութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը:

Թեկնածութիւնը ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտ` հաստատուելու համար, որմէ առաջ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ պէտք է լսումներ տեղի ունենան, եւ Նուլընտ անոնց ընթացքին պատասխանէ օրէնսդիրներու հարցումներուն, անկէ ետք ալ ծերակուտականները պէտք է անոր թեկնածութեան շուրջ քուէարկութիւն կատարեն:

Նուլընտ նախապէս վարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնը: Ան Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին մէջ համակարգած է յետխորհրդային պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը:

2014 թուականին Քիեւի մէջ կատարուած բողոքի զանգուածային ցոյցերուն ժամանակ, որոնց պատճառով այդ ժամանակուան գործող նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի իշխանութիւնը տապալեցաւ, Նուլընտ հրապարակաւ կ՛աջակցէր ցուցարարներուն, եւ այդ ժամանակաշրջանէն յայտնի մնաց այն դրուագը, երբ Նուլընտ քաղցրեղէն կը բաժնէր ցուցարարներուն:

 

Նախորդը

«Պլումպըրկ»-ի Համաձայն. Պայտընի Վարչակազմը Կը Քննարկէ «Քորոնա»-ի Հետեւանքներուն Դէմ Պայքարելու Համար Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Կողմէ Թեհրանին Վարկի Տրամադրման Աջակցելու Հարցը

Յաջորդը

Ճափոնի Վարչապետը Կ՛ափսոսայ, որ Ռուսիոյ Հետ Առայսօր Խաղաղութեան Համաձայնագիր Չէ Ստորագրուած

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.