Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Ընդունեց Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութեան Ղեկավարը

February 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար ծովակալ  Ֆրենք Պրետլի 12 եւ 13 փետրուար 2021-ին այցելած է Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պրետլի վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` լիբանանեան արհեստավարժ բանակին զօրակցելու եւ անոր յառաջդիմութեան օժանդակելու:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պրետլի հանդիպումներ ունեցած է նաեւ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու եւ օդուժի հրամանատարներուն եւ պատասխանատուներուն հետ: Ան յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը տարիներէ ի վեր սերտ գործակցութեան մէջ է լիբանանեան բանակին եւ անոր մասնայատուկ ուժերուն հետ: «Մեզի համար այդ յարաբերութիւնները պահելն ու զանոնք ամրապնդելը կարեւոր են` փոխադարձ վստահութիւնն ու վստահելիութիւնը հզօրացնելու նպատակով», ըսաւ ան:

Պրետլի յայտնեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նաեւ գործընկեր է լիբանանեան բանակին զէնք ու զինամթերք հայթայթելու առումով: «Այս շրջագիծին մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա լիբանանեան բանակին նուիրեց «Հուէյ 2» տիպի երեք ուղղաթիռներ` ընդգծելով Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս պաշտպանութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը», շեշտեց Պրետլի:

Ան հաստատեց, որ այդ ուղղաթիռները պիտի օժանդակեն լիբանանեան բանակի ցամաքային եւ սահմանային ապահովական գործողութիւններուն:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը յայտնեց, որ Արեւմտեան Պեքաայի Ամմիք շրջանին մէջ բանակը ձերբակալած է խումբ մը յանցագործներ, որոնք ահաբեկչական յանցանքներով ամբաստանուած են:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ֆայզըր»-ի Լիբանան Ժամանումով Պատուաստումի Արշաւը Սկսաւ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.