Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Պատրաստ Ենք Ամբողջ Ծոցի Շրջանին Հետ Գործակցութիւնը Կեանքի Կոչելու Եւ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդին Հետ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Զարգացնելու»

February 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հինգշաբթի օր ձեռնարկեց Քուէյթ, Օման եւ Քաթար շրջապտոյտի մը, որուն առաջին փուլը եղող Քուէյթի մէջ յայտարարեց. «Թուրքիան պատրաստ է ամբողջ Ծոցի շրջանին հետ գործակցելու եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը զարգացնելու՝ հիմա, երբ Ծոցի տագնապը այլեւս մեր ետին է»։

Թրքական դիւանագիտութեան պետը գովաբանեց Քուէյթի ղեկավարութիւնը եւ յայտնեց. «Թուրքիան կը գնահատէ շրջանային տագնապներու լուծման մէջ իբրեւ միջնորդ Քուէյթի դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան ճամբով խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման նկատմամբ անոր կեցուածքը»։

Ան նշեց, որ Քուէյթէն մեկնելէ ետք պիտի այցելէ Օման եւ Քաթար, եւ իր շրջապտոյտի իբրեւ առաջին փուլ Քուէյթ այցելութիւնը Ծոցի տագնապի ծիրին մէջ խորհրդանշական կարեւորութիւն ունի, «որովհետեւ կը գնահատենք Քաթարի եւ արաբական քառեակին միջեւ տարակարծութեան շրջանցումին մէջ Քուէյթի միջնորդութիւնը»։

Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Թուրքիան վերապահութիւն յայտնած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններուն նկատմամբ, որովհետեւ վստահ է, որ այդ համաձայնութիւնները պիտի ականահարեն պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի «երկու պետութիւն» լուծումն ու ՄԱԿ-ի որոշումներուն մէջ «այս երկարատեւ տագնապին լուծման համար նշուած միջազգային հաստատ արժեչափերը»։

Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը պէտք չէ ի վնաս պաղեստինեան դատին ըլլայ։

Չաւուշօղլու իր շրջապտոյտի վերջին փուլին այցելեց Քաթար, ուր հանդիպում ունեցաւ երկրի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային ու միջազգային վերջին զարգացումները։

Չաւուշօղլու Տոհայի մէջ եւս կրկնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ամբողջ Ծոցի շրջանին հետ գործակցութիւնը կեանքի կոչելու եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը զարգացնելու։

Նախորդը

Աբխազիան Կ՛ուզէ Մասնակցիլ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Երկաթուղային Հաղորդակցութեան Բացման

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Երուսաղէմի Կարգավիճակը Մաս Կը Կազմէ Վերջնական Լուծումին, Որ Պէտք Է Գոյանայ Իսրայէլեան Եւ Պաղեստինեան Կողմերուն Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններու Ճամբով»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.