Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ երկրին սպառնացող վտանգներն ու մտահոգութիւնները:
Հասան դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան համար շարունակուող ֆրանսական ճիգերը, որոնք կը միտին երկիրը իր դիմագրաւած տագնապներէն դուրս բերել:
Կրիօ իր կարգին հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է իրենց կեցուածքներու մերձեցումին ուղղութեամբ աշխատին, եւ ներքին միասնականութիւն գոյացնելու իմաստով ընդգծեց հոգեւոր հեղինակութիւններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
Կրիօ այցելեց նաեւ շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի, որ յայտնեց, թէ շիի համայնքը յանձնառու է լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամական ու պատմական կապերու ամրապնդումին: «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանսայի, որ բոլոր տագնապներուն ընթացքին նեցուկ կանգնած է Լիբանանին, իսկ այս փուլին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ներկայացուցած նախաձեռնութեան ընդմէջէն ֆրանսական իշխանութիւնները կը փորձեն օժանդակել Լիբանանին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ կառավարութեան կազմութեան, հետեւաբար մենք կը զօրակցինք Մաքրոնի նախաձեռնութեան եւ կը յորդորենք լիբանանեան քաղաքական ուժերը ընդառաջելու այդ նախաձեռնութեան», ըսաւ շէյխ Խաթիպ:
Ան յաջողութիւն մաղթեց Կրիոյին` Լիբանանի մէջ իր ստանձնած դեսպանութեան պաշտօնին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի ու Ֆրանսայի միջեւ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը կ՛ամրապնդուին:
Շէյխ Խաթիպ նկատել տուաւ, որ համայնքային դրութիւնն է Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն պատճառը` ընդգծելով, որ երկրին դիմագրաւած տագնապները պէտք է լուծուին ներքին լիբանանեան խորհրդակցութեամբ եւ երկխօսութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել քաղաքացիական պետութիւն մը, ուր քաղաքացին ըլլայ չափանիշը եւ ոչ թէ համայնքը:
Ան հաստատեց, որ իրենք կ՛ողջունեն Լիբանանի կայունութեան նպաստող իւրաքանչիւր ջանք, սակայն կտրականապէս կը մերժեն լիբանանեան տագնապը միջազգայնացնել` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի եւ աւելի եւս կը բարդացնէ տագնապը:



