Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Երեսփոխան Միշել Մըրի Մահուան Սուգին Առիթով Ցաւակցութիւն Յայտնեց Էլիաս Մըրի

February 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին նախարար Էլիաս Մըրի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց անոր հօր` երեսփոխան Միշել Մըրի մահուան սուգին առիթով:

Աուն ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ իր աշխուժ դերակատարութենէն ետք Միշել Մըր յաւիտեան բացակայութիւն պիտի ըլլայ:

Նախագահ Աուն Յանձնառու Է
Նախարարները Նշանակելու Իր Իրաւունքին

Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ քաղաքական եւ տեղեկատուական որոշ շրջանակներ կը յամառին հանրապետութեան նախագահը ներկայացնել կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը պահանջելու կացութեան մէջ` անոր վերագրելով կառավարութեան կազմութեան յապաղումը:

«Հակառակ նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած բոլոր հաղորդագրութիւններուն եւ նախապէս յայտարարուած կեցուածքներուն, ոմանք կը շարունակեն այս տարաձայնութիւնները շրջանառութեան մէջ դնել: Հետեւաբար Պաապտա կը վերահաստատէ, որ նախագահ Աուն կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի պահանջ չունի, այլ` ան յանձնառու է նախարարները նշանակելու իր իրաւունքին: Նախարարներ, որոնք ատակ կ՛ըլլան եւ մասնագէտ, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին առումով վստահութիւն վայելեն: Այս քայլը կը միտի պահպանել լիբանանեան ազգային համագործակցութիւնն ու Լիբանանի գերագոյն շահերը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ.

«Թրիփոլիի դէպքերուն եւ պատասխանատուներուն ու հոգեւոր պետերուն կողմէ ամէնէն արագ կերպով մասնագէտներու կառավարութիւն կազմելու կոչերուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին լուռ մնալուն եւ ոչինչ նախաձեռնելու կեցուածքին մասին արտայայտութիւններուն լոյսին տակ, կը հաստատենք, որ կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտը արտաքին չէ, այլ ներքին լիբանանեան:

Նկատի ունենալով, որ համաձայնութիւնը մասնագէտներու կառավարութիւն կազմել է, այսինքն` նախարարները ըլլան մասնագէտներ, որոնք անկուսակցական են եւ քաղաքական հոսանքներու կամ շարժումներու անդամներ չեն, ապա Ազատագրում եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքը յանձնառութիւն յայտնեց բաւարարուելու այնպիսի թեկնածուներով, որոնք պլոքին մտերիմ չեն, միաժամանակ պլոքին դէմ չեն: Այս չափանիշը կը վերաբերի բոլորին, առանց բացառութեան, որպէսզի մասնագէտներու կառավարութիւնը միայն Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու նպատակով գործէ:

Հետեւաբար քաղաքական ոչ մէկ կողմ պէտք է ստանայ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի բաժինը, այլապէս մասնագէտներու ներկայութիւնը անիմաստ կը դառնայ, եւ անոր հանդէպ ներքին ու արտաքին վստահութիւն չի գոյանար: Այս բոլորը նկատի ունենալով` քաղաքական ուժերուն ներկայացուցի առաջարկ մը` իբրեւ լուծում, որ բոլորին համար արդար է, սակայն այդ առաջարկը ձախողեցաւ` կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդին կատարուած անդրադարձին պատճառով:

Արդեօք պէտք է իմաստո՞ւն մտածել եւ օրինակնե՞ր քաղել, թէ Լիբանանը պատմութեան դամբարաններուն մէ՞ջ որոնել, հարց տուաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ ինք պիտի չյուսալքուի եւ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը»:

 

 

Նախորդը

Հասսան Տիապը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Կ՛ուղղուի Թրիփոլի

Յաջորդը

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ Առնչուող Խնդիրներ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.