Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետները Այսօր Պիտի Հանդիպին Մոսկուայի Մէջ` Քննարկելու Համար Հայաստանէն Անցնող Երկաթուղիի Տարբերակները

January 27, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբթուան կիսուն Մոսկուայի մէջ կը նախատեսուի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու հանդիպումը, որուն ծիրին մէջ պիտի քննարկուի Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային միջանցքի ստեղծումը. ճամբաներու վերականգնումը զինադադարի հաստատման պայմաններէն մէկն էր:

27 յունուարին կը նախատեսուի, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետները հանդիպին Մոսկուայի մէջ` Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային կապի կառուցման հարցը քննարկելու համար: Այս մասին ռուսական «Առ.Պի.Քէյ.»-ին յայտնած են երկու աղբիւրներ` Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն մէջ:

Ռուսական կողմէն բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի Ալեքսէյ Օվերչուք, հայկական կողմէն` Մհեր Գրիգորեան, իսկ ազրպէյճանական կողմէն` Շահին Մուսթաֆայեւ:

Ռուսիոյ երկաթուղիներու ներկայացուցիչը մերժած է մեկնաբանութիւն տալ:

Կողմերը բանակցութիւններու նման ձեւաչափ ստեղծել համաձայնած էին 11 յունուարին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի աւարտէն ետք երեք պետութիւններու ղեկավարներու առաջին անձնական հանդիպումին ժամանակ:

Ձեւաչափի մասնակիցներուն հիմնական խնդիրը յստակացնելն է, թէ ի՛նչ պէտք է կառուցել կամ վերականգնել` շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային կապերը ամբողջութեամբ ապասառեցնելու համար:

Փոխվարչապետները պէտք է քննարկեն մէկ անգամէն քանի մը հաւանական նախագիծեր, մասնաւորաբար` կառուցում Հայաստանի տարածքով երկաթուղիի, որ պիտի միացնէ Ազրպէյճանն ու Նախիջեւանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Ռուսիան: Ներկայիս Ազրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապի համար ունի միայն օդային հաղորդակցութիւնը: Պաքուն, ըստ աղբիւրին, կ՛ուզէ նաեւ հասնիլ այնտեղ մայրուղիի կառուցման:

Փոխարէնը Հայաստանը պէտք է երկաթուղային կապ ստանայ Ռուսիոյ հետ: Երկու երկիրները ուղիղ կապ չունին. նախապէս ատիկա կ՛իրականացուէր Վրաստանի միջոցով, սակայն 2008-ի պատերազմէն ետք անիկա ընդհատուած է: Բացի ատկէ, փոխվարչապետները պիտի քննարկեն Հայաստանն ու Իրանը երկաթուղիի միջոցով Նախիջեւանի տարածքով կապելու տարբերակը:

Ազրպէյճան արդէն սկսած է իր տարածքին մէջ երկաթուղիի հատուածի կառուցումը: Դեկտեմբերի վերջաւորութեան Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ երկրին պէտք է առաւելագոյնը 2 տարի Հորատիզէն դէպի Զանգելան` Հայաստանի հետ սահման գիծ կառուցելու համար:

 

 

Նախորդը

Ամբողջական Փակումին Դէմ Ժողովրդային Շարժումի Ցոյցերը Թափ Կը Ստանան, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Անոնք Կը Վերածուին Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումի

Յաջորդը

Նախարար Դաւիթ Բաբայեան Նամակներ Յղեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Տնօրէնին

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.