Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Համաժողովի Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբի Նիստին

January 27, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11-15 յունուար 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) յառաջիկայ Ընդհանուր համաժողովին Պաշտամունքի ծրագրաւորման յանձնախումբին երկրորդ նիստը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ, ԵՀԽ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ սոյն յանձնախումբին անդամ   Հրանդ վրդ. Թահանեան:

Նշենք, որ յանձնախումբը իր առաջին նիստը գումարած էր 2019-ին, Գերմանիա, ուր նախատեսուած էր գումարել նաեւ երկրորդ նիստը, սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով բոլոր աշխատանքները կը յետաձգուին մէկ տարիով, հետեւաբար նաեւ յետաձգելով ԵՀԽ-ի Ընդհանուր համաժողովը` սեպտեմբեր 2022-ին:

Նիստերու ընթացքին 20 անդամներէ բաղկացած յանձնախումբը իր ծրագիրները մշակեց առաւելագոյն չափով ներկայ յարափոփոխ իրավիճակին յարմարելու միտումով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով համաշխարհային հաւանական տարբեր իրավիճակները` համաճարակիը նոյն ընթացքով շարունակուելու պարագային: Յանձնախումբը կեդրոնացաւ ամէնօրեայ աղօթքներու ընդլայնման, համաժողովին թեմային առնչուած սուրբ գրային ընթերցանութիւններու, բացման եւ փակման աղօթքներու, ինչպէս նաեւ պաշտամունքային նիւթերու հրատարակութիւններու վրայ` շեշտը դնելով զանոնք իրականացնելու կենսոլորտի բարեկամ միջոցներով:

Ներկայ պայմաններուն բերումով, յանձնախումբը պիտի շարունակէ երկշաբաթեայ յաճախականութեամբ առցանց գումարել իր ժողովները:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Առցանց Աղօթքին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.