«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետաքրքրական արդիւնքներ:
Նշենք, որ չորս մրցումներ յետաձգուեցան` նկատի ունենալով, որ չորս ակումբներու կարգ մը մարզիկներ վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով:
Բաւական ուշագրաւ եղաւ Պրուքլին Նեթցի արձանագրած յաղթանակը Օրլանտօ Մեճիքի դէմ` 122-115 արդիւնքով:
Յաղթական կազմի նորեկ Ճէյմս Հարտեն թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (32 կէտ, 12 ռիպաունտ, 14 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 42 կէտ: Այսպիսով, Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ ան նոր ակումբի մը հետ իր կատարած առաջին մրցումին թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց` նշանակելով 30 կէտ եւ աւելի: Մեճիքէն 34 կէտ նշանակեց Նիքոլա Վիւսեւիչ:
Փորթլենտի մէջ, Աթլանթա Հոքս 112-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն` Թրէյլ Պլէյզըրզէն: Յաղթական կազմէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 36 կէտ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 11-րդ յաղթանակը` 112-95 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նիւ Օրլինզը: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս բաւականացաւ 21 կէտով:



