Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` 2012-Ի ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ

January 26, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

«Տարի» ըսուածը, մարդկային հաշուարկներով, տարուան 365 օրերը թուաբանօրէն բաժնել չորս եղանակներու` գարուն, ամառ, աշուն ու ձմեռ, 12 ամիսներու, ապա 52 շաբաթներու, օրերու, ժամերու ու վայրկեաններու… հոյակապ ստեղծագործութիւն ու դրութիւն մըն է: Մարդկութեան եւ համայն աշխարհի համար գործելաձեւի մէջ դրուած հոյակապ կարգ ու կանոն մըն է, առանց որուն կարելի չէ երեւակայել աշխարհին վիճակը:

Հաւատա՞լ, թէ՞ չհաւատալ Նոր տարուան բերելիք ու տանելիք բարիքներուն կամ չարիքներուն, չեմ գիտեր. այդ մէկը ուրիշ հանելուկ մըն է: Դարերու աւանդութիւններէն մնացած, եկած ու մարդկութեան մէջ թափանցած մտայնութիւն մըն է Նոր տարիին բերած ու տակաւին բերելիքներուն առեղծուածը: Նոր տարիէն մեր սպասումները ու մեր ակնկալութիւնները պարզապէս ցնորք են, երազանք ու մարդկային միամտութիւն: Եւ տակաւին չենք խօսիր աշխարհի գուշակներուն մասին, որոնք խաբեբայութեամբ կը մարգարէանան եւ իրենց սուտն ու բութը կը փորձեն ժողովուրդին ծախել: Միջինարեւելեան ժողովուրդներն ալ, ներառեալ հայերս, սուրճի գաւաթի նայելով` կը փորձենք Նոր տարուան բերելիքներուն մասին գուշակութիւններ ընել` յաճախ հաւատալով եւ հաւատացնելով. ականջը խօսի հայր Վաղինակին:

Սակայն համայն մարդկութիւնը, ընդհանուր առմամբ, ներառեալ` մենք ու ընտանիքիս անդամները անշուշտ, միամտաբար սպասումներ ունինք Նոր տարիէն, մեր ակնկալութիւնները ըլլան չար կամ բարի, լաւ կամ գէշ: Բայց միեւնոյն ատեն կը տեսնենք, թէ հին տարիէն Նոր տարին` օրերը թաւալագլոր կը սահին ու կ՛երթան` իրենց հետ բերելով թէ՛ բարիք, թէ չարիք` համայն մարդկութեան: Շատ մը ազգեր ունին իրենց Նոր տարին, օրինակ` չինացիները ունին իրենցը, հնդիկները ունին իրենցը եւ այլն: Ինչո՛ւ չէ, նաեւ մենք` հայերս, ունինք երկու հատ, մէկը այժմէականը, իսկ միւսը պատմականը, որ 2012-ի կողքին այբբենական տառերով կը յիշուէր. 2012-ի տարին, եթէ չեմ սխալիր, պէտք է ըլլայ ՌՆԿԱ: Ազգ. առաջնորդարանի օրացոյցին մէջ չգտայ այդ մէկը, չեմ գիտեր, գուցէ մոռցուած է կամ հրաժարած են անկէ:

Եթէ չէք հաւատար վերոյիշեալներուն, վկայութեան պիտի կանչեմ մեր երեք լաւագոյն երգիծաբաններէն երկրորդը` Երուանդ Օտեանը, որ իր խօսքը ըսած է Նոր տարուան մասին, ասկէ 90 տարիներ առաջ, 14 յունուար 1922-ին. բայց եւ այնպէս, այդ խօսքը տակաւին կը մնայ միշտ այժմէական մինչեւ այսօր:

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

Մի՛ խաբուիր, միշտ նոյն հին տարին է եկածը, ա՛յն, որ դարերէ ի վեր կը տեւէ անայլայլ ու անփոփոխ:

Այն հին տարին, որուն մէջ ծնանք ու ապրեցանք ամէնքս ու ամէնէն առաջ ալ նախորդ սերունդները:

Այն տարին, ուր կը թեւակոխենք, կրնաք ապահով ըլլալ, թէ որեւէ տարբերութիւն պիտի չունենայ այն տարիէն, որմէ, իբր թէ, վերջնականապէս հեռացած ենք:

Նորէն մեծ ձուկերը պիտի շարունակեն պզտիկները կուլ տալ. նորէն տկարները յանուն Արդարութեան, Ազատութեան եւ Հաւասարութեան` ոտնակոխ պիտի ըլլան, նորէն գեղեցիկ սկզբունքները տեղի պիտի տան նիւթապաշտ նկատառումներու առջեւ: Եւ աշխարհը պիտի շարունակէ քալել այնպէս, ինչպէս լարուած է դարերէ ի վեր:

Մարդիկ` եսամոլ, հեշտասէր ու նիւթապաշտ, պիտի ճառեն այլասիրութեան, առաքինութիւններու, աննիւթական բարձրութիւններու մասին ու պիտի ջանան ամէն միջոցներով փառքի ու հարստութեան տիրանալ` յագուրդ տալու իրենց ցանկութիւններուն:

Երկու հազար տարիներէ ի վեր, յորմէ յետէ  մարդկութիւնը քաղաքակրթութեան շառաւիղներուն մէջ մտաւ, տարի չէ փոխուած:

«Սատանան կ՛իշխէ՛ այս աշխարհին», ըսած է առաքեալը` չարիքին գերիշխան տիրապետութիւնը ցոյց տալու համար:

Եւ հռոմէացի կայսեր մը խօսքը մինչեւ այսօր ճշմարտութիւն կը մնայ. «Կշտացուր բանակը, մնացածին խե՛րը անիծէ»: Ու այս բանաձեւն է, որ զանազան կերպերով կը գործադրուի մինչեւ այսօր:

Մի՛ խաբուիք, Նոր տարին չեկաւ տակաւին:

Պիտի գայ, անշուշտ, օր մը, ճշմարիտ Նոր տարին, բայց ե՞րբ…

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

Թէ ի՞նչ չարիք ու բարիք բերած է 2011-ի Նոր տարին ինծի ու ընտանիքիս, չարիքը` մարտ ամսուան վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ, եւ 30 տարուան հաստատուած ու յաջողած անձնական գործս 3 ժամուան ընթացքին հրոյ ճարակ եղաւ հրդեհի մը պատճառով. ըսինք` փառք Աստուծոյ, մարդկային կորուստ չունեցանք: Բարիքը` տարի մը եւս կեանք ունեցանք, ապրեցանք, տարի մը եւս վայելեցինք աշխարհի բարիքները, տարի մը եւս ողջ ու առողջ վայելեցինք մեր զաւակներուն ու թոռներուն ներկայութիւնը` միշտ փառք տալով Աստուծոյ:

Բայց եւ այնպէս, ապահով ըլլալու համար, Նոր տարուան առիթով նախընտրելի է մեր լաւագոյն մաղթանքները ընել մեր հարազատներուն, մեր բարեկամներուն, մեր ընկերներուն, վերջապէս` ամբողջ աշխարհին ու մարդկութեան, կորսնցնելիք բան չունինք, ապահով ըլլանք, մեր խիղճերը հանգիստ պահենք, ի՛նչ կ՛ըլլայ, ինչ չ՛ըլլար:

Ամէն պարագայի, իմ ու ընտանիքիս կողմէ կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորին Նոր տարին ու կը մաղթեմ, որ Նոր տարին բերէ խաղաղութիւն ու բարիքներ ամբողջ աշխարհին` առանց մոռնալու անշուշտ մեր հայրենիքն ու համայն հայութիւնը:

 

Նախորդը

ՕՏԱՐԱԽՕՍ ԵՒ «ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅ»…

Յաջորդը

ԴԱՐԸ ՉԷ՛ ՓՈԽՈՒԱԾ, ՄԱ՛ՐԴՆ Է, ՈՐ ՓՈԽՈՒԱԾ Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.