Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թորինոյին: Յաղթական կազմը իւրաքանչիւր կիսախաղի նշանակեց կոլ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ա. Սէ. Միլան, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 40 կէտ, երեք կէտով կը գերազանցէ Ինթեր Միլանը, որ երէկ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ա. Էս. Ռոմայի հետ:
Հռոմի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, հիւրընկալ կազմը 17-րդ վայրկեանին նշանակեց օրուան առաջին կոլը` շնորհիւ Լորենցօ Փելլեկրինիի: Նշանակուած այս կոլին էսիսթը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Նշենք, որ 31 տարեկան Մխիթարեան այսպիսով կատարեց այս տարեշրջանի իր 8-րդ կոլային փոխանցումը, ինչ որ ցարդ կը նկատուի լաւագոյն ցուցանիշը:
Ա. Էս. Ռոմա պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ 86-րդ վայրկեանին Մխիթարեանի խմբակից Ճիանլուքա Մանչինի նշանակեց հիւրընկալ կազմին հաւասարութեան կոլը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Ա. Էս. Ռոմա, որ ապահոված է 34 կէտ, կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:



