24 յունուարի առաւօտեան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր նախորդ օր Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման առիթով:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարժարանի շրջափակին մէջ բարձրացուեցաւ Ֆրանսայի պետական դրօշը` պետական քայլերգի հնչիւններուն ներքեւ: Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան, որ այս որոշումին եւ անոր որդեգրման մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուց: Ապա խօսք առաւ վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտ Մարինէ Հալաճեան, որ ըսաւ, թէ կարելի չէ արեւը ցեխով ծածկել: Կարելի չէ իրականութիւնը քողարկել: Կարելի չէ արդարութեան դէմ լռութեան պատ հիւսել: Ուշ կամ կանուխ իրականութիւնը երեւան կու գայ, ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի եւ յանցաւորը կը դատապարտուի ու կը ստանայ իր արդար պատիժը: Իր խօսքի աւարտին Հալաճեան իր դպրոցակիցներուն անունով ուրախութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այս որոշումին համար` նշելով, որ այս յաղթանակը հայութեան պանծալի պատմութեան էջերուն մէջ բացաւ նոր, փայլուն եւ պանծալի էջ մը, որուն յաջորդող էջերը պէտք է զարդարուին հայութեան դատին ամբողջական լուծումով եւ ճանաչումին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումով:
Այնուհետեւ, Ֆրանսայէն ուղիղ կապով Փարիզի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գէորգ վրդ. Ասատուրեան, իր վկայութիւնը փոխանցեց 23 յունուարի իրադարձութիւններուն մասին: Ան նշեց, որ պատմական յաղթանակ էր այս օրինագիծին ընդունումը` աւելցնելով, որ երբ ֆրանսացի լրագրող մը իրեն մօտենալով հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ այսքան հայեր եկած են այս հրապարակը, վարդապետը նշած է, որ այս բոլոր անձերը կ՛աշխատին, որպէսզի մեզի` հայերուս պատիւ եւ յաղթանակ բերեն, որպէսզի նման նուաճումներ կերտեն: Վարդապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ ծերակոյտի շէնքին առջեւ հաւաքուածներուն կարգին եղող ծերունիներուն, որոնց շնորհիւ հայութիւնը չի մեռնիր: «Երբ ուրախ լուրը առինք, բոլորը պոռացին` «Յաղթեցի՜նք», «Կեցցէ՛ Ֆրանսան» եւ բոլորը երգեցին Մարսեյեզը, իսկ երբ ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Վիգէն Դարբինեան երգեց «Զարթիր Լաօ»-ն, բոլորս ալ ձայնակցեցանք իրեն», յայտնեց Գէորգ վարդապետ, որ կոչ ուղղեց աշակերտներուն ըլլալու հայութեան արդար դատին պաշտպանները:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ հիւր պատգամախօսին` «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւօ Կիտանեանին, որ ըսաւ. «Այսօրուան Եւրոպայի հզօրագոյն երկիրներէն` Ֆրանսան իր բոլոր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առեւտրական շահերը վտանգելու գնով որոշեց հայ ժողովուրդի իրաւունքի հաշուոյն արդարութիւն կայացնել: Հայ ժողովուրդը եթէ չըլլար պարկեշտ եւ իր իրաւունքները քաջ գիտցող ու յարգող ժողովուրդ, այս օրինագիծը պիտի չընդունուէր»:
Դարձեալ Ֆրանսայէն ուղիղ կապով իր վկայութիւնը փոխանցեց Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան, որ ըսաւ. «Այս յաղթանակը ամբողջ հայութեան յաղթանակն էր: Բոլորիս աշխատանքը պէտք է միացնենք, որպէսզի նմանօրինակ յաղթանակներ շարունակուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ: Այս յաղթանակը ամէնէն առաջ կ՛երթայ մեր անմեղ նահատակներուն, երկրորդ` կ՛երթայ մեր բոլոր այն նահատակներուն, որոնք Հայ դատի լուծման համար իրենց կեանքը տուին, երրորդ` այն բոլոր երախտաւորներուն, որոնք Հայ դատին համար աշխատանք տարին, բայց այսօր մեզի հետ չեն: Իմ ամբողջ յոյսս եւ հաւատքս նոր սերունդին վրայ է, երիտասարդութեան, ուսանողութեան վրայ է: Մենք պէտք ունինք զարգացած ուսանողութեան, որովհետեւ այսօր պայքարը փոխադրուած է զարգացման դաշտ: Մենք պէտք ունինք ձեզի պէս երիտասարդութեան, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ յաղթանակը հայկական պահանջատիրութեան գործընթացի մէկ մասնիկն է, եւ այս պայքարը տակաւին երկար է: Մեր վճռակամութեամբ եւ Ֆրանսայի նման արդար երկիրներու զօրակցութեամբ է, որ նորանոր յաղթանակներ պիտի ունենանք»:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան ըսաւ. «Սիրելի՛ աշակերտներ, հայ ազգի ապագան դուք էք: Դուք, վաղուան երիտասարդները, ձեր կարգին ձեր ապագայ սերունդներուն ունիք փոխանցելիք պատգամ մը: Այնքան ատեն որ թուրքը, այսօրուան էրտողանները` հարազատ ժառանգորդները Աթաթուրքին, Ճեմալ փաշային, քողարկուած քաղաքակիրթ բառին տակ կը պղծեն պատմական իրականութիւնը, մենք պիտի պայքարինք քաղաքակրթօրէն, զարգացման ճամբով` հասնելու արդարութեան վերջնական յաղթանակին: Ասիկա մեր նահատակներուն կտակն է մեզի: Մենք պատիւ ունեցող, քաղաքակիրթ ժողովուրդ ենք: Մենք` մեսրոպեանցիներս, կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայութեան. մենք պատրաստ ենք բոլորս միասնաբար ուղղուելու դէպի ֆրանսական դեսպանատուն, ըսելու միայն մէկ բան. «Շնորհակալութի՛ւն Ֆրանսային»:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առնելով` Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ըսաւ. «Այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանսայի ժողովուրդին այս քաջ քայլին համար: Սակայն մեր ծարաւը տակաւին չէ յագեցած: Տակաւին կ՛ուզենք ազատ, անկախ Հայաստանը ամբողջական տեսնել, ուր պիտի հաւաքուինք բոլորս: Մեր աղօթքները ապարդիւն չէին: Յուսանք, որ օր մըն ալ կը ստանանք մեր աղօթքներուն ամբողջական պատասխանը: Հայ ազգը ապրող ազգ է, երբեք չի մեռնիր»: Այնուհետեւ գերապայծառը Տէրունական աղօթքով փակեց ձեռնարկը:


