Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

January 25, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 24 յունուարին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգային Ռուբինեան – Ս. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Արդարեւ, Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը:

Վարժարանին շրջափակին մէջ ամէնուրեք կը ծածանէր Եռագոյնը. աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ կ՛ունկնդրէին ազգային-հայրենասիրական ոգեշնչող երգեր, որոնք անոնց մօտ կ՛ամրապնդէին ազգային ջիղն ու հայկականութեան պահպանման ձգտումը: Վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան այս առիթով իր խօսքը ուղղեց շրջափակին մէջ համախմբուած աշակերտներուն` իւրայատուկ նկատելով պահը, որովհետեւ անկէ քանի մը ժամ առաջ Եւրոպան եւ համայն աշխարհը ականատես եղան իւրայատուկ իրադարձութեան մը: Ան հաստատեց, որ ամէն տեսակի անարդարութեան եւ բռնարարքի, ջարդի եւ ուրացումներու ենթարկուած հայ ժողովուրդը իր պայքարի ճամբուն վրայ կրցաւ յաղթանակ մը ապահովել Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած որոշումով:

Ապա տնօրէնը անդրադարձաւ այսօրուան թուրք ղեկավարներուն կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն` Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի քաղաքական խաւին ու հանրային կարծիքին միտքը խեղաթիւրելու անճիշդ տեղեկութիւններով: Բայց եւ այնպէս ան նշեց, որ այս փորձերը անպտուղ են, որովհետեւ մեր ջանքերով համայն աշխարհը լաւապէս կը գիտակցի իրականութեան:

Յ. Կէրկէրեան յայտնեց, որ մենք թէեւ Լիբանանի հաւատաւոր քաղաքացիներ ենք, սակայն արիւնակից ժառանգորդներն ենք արեւմտահայ նահատակներու եւ անոնց արեան կանչին: Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա առաջին քայլն է, որուն պիտի յաջորդեն նորանոր նուաճումներ` ի նպաստ արդարութեան հաստատման: Տնօրէնը աշակերտներուն կոչ ուղղեց տոգորուելու հայրենասիրական շունչով, մինչեւ որ ծագի այն պայծառ օրը, երբ անգամ մը եւս պիտի ղօղանջեն Սարդարապատի զանգերը, եւ բոլորս պիտի փութանք մեր արեամբ ազատագրելու հայոց Ս. հողը:

Աւարտին աշակերտներ մեծ ոգեւորութեամբ գոչեցին. «Կեցցէ՛ Ֆրանսան, շնորհակալութի՛ւն Ֆրանսային»:

 

 

Նախորդը

ԺԻՊԷՅԼԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ` ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Յաջորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ՁԵՌՆԱՐԿ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.