Իտալական Փարմա ֆութպոլի ակումբը յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչ Ֆապիօ Լիվերանի պաշտօնազրկուեցաւ ակումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Իտալացի մասնագէտին գլխաւորած կազմը Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք իր տրամադրութեան տակ ունենալով միայն 12 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ վտանգաւոր դիրքը:
Անոր պաշտօնազրկումէն կարճ ատեն մը ետք, ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը դարձեալ վստահուեցաւ Ռոպերթօ Տ՛Աւերսայի, որ օգոստոս 2020-ին պաշտօնանկ եղած էր Փարմայի ղեկավարութեան կողմէ:



