Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. «Եկանք Շնորհաւորելու Ռայի Պատրիարքը Եւ Կը Յուսամ, Որ Մեր Հանդիպումը Ըլլայ Արդիւնաւէտ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Ընդարձակ հանդիպումէն ետք, նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարք ունեցան 45 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպում մը:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ նախագահ Աուն յայտնեց, որ տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորած է Ռայի պատրիարքը` աւելի լաւ օրեր մաղթելով լիբանանցիներուն:

Ան նշեց, որ քննարկած է նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ որդեգրուելիք միջոցառումները` յատկապէս երկիրը փակելու որոշումը, որուն գործադրութիւնը սկսած է եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 1 փետրուար 2021:

Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տիրող ընդհանուր կացութեան, որուն շուրջ տակաւին լռութիւն կը տիրէ: «Լռակեաց ենք, որովհետեւ արձանագրուած նորութիւնները կարելի չէ տեղեկատուութեան մարզին յայտնել, որովհետեւ դժբախտաբար տեղեկատուութեան մարզին մէջ իւրաքանչիւրը կը գրէ այն, ինչ որ կը փափաքի գրել: Յուսամ այս իմաստով մեր հանդիպումը ըլլայ արդիւնաւէտ», ըսաւ ան:

Նախանցեալ օրուան հանդիպումէն ետք նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ այն տեղեկութիւնները, թէ 7 յունուար 2021-ի առաւօտեան Պքերքէի մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենար նախագահ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ` Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ:

«Ճիշդը այն է, որ Ռայի պատրիարքը նման հանդիպումի մը առաջարկը ներկայացուց այսօրուան հանդիպումին ընթացքին, եւ նախագահ Աուն այդ մասին տեղեակ չէր», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան Ռայի պատրիարքին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին անոր եղբօր` Շուքրի Ռայիի  մահուան առիթով:

Նախագահ Աուն. «Սահմանադրական Խորհուրդը Պէտք Է Մեկնաբանէ
Սահմանադրութիւնը Եւ Ոչ Միայն Օրէնքներուն Սահմանադրական Ըլլալուն Հսկէ»

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Սահմանադրական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ դատաւոր Թաննուս Մշլեպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ երկրին կառավարման վերաբերող այլ հարցեր:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը մեկնաբանէ սահմանադրութիւնը եւ ոչ միայն օրէնքներուն սահմանադրական ըլլալուն հսկէ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ սահմանադրական բացատրութիւնները պակասաւոր են եւ բացթողումներ կը կրեն` նախարարներուն իրաւասութիւնները ճշդելու առումով, յատկապէս` երբ անոնք կը թերանան կառավարութեան եւ Պետական շաուրայի որոշումները գործադրելու:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարարութեան մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքը կը սահմանափակուի օրէնքներուն սահմանադրական ըլլալուն հսկողութեամբ եւ ոչ թէ սահմանադրութեան մեկնաբանութեամբ, «որովհետեւ սահմանադրութիւնը մեկնաբանելու միակ իրաւասու կողմը խորհրդարանն է», շեշտեց Պըրրի:

 

 

Նախորդը

Հարիրի Այցելեց Էրտողանին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն, Վարչապետ Հարիրի Եւ Այլ Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայկական Ս. Ծնունդը

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.