Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պաշտօնական մրցումներու ընթացքին իր նշանակած կոլերուն քանակով գերազանցեց պրազիլցի անուանի ֆութպոլի աստղ Փելէն:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Եուվենթուս Ուտինեզէի դէմ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռոնալտօ, որ այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին պաշտօնական մրցումներու ընթացքին իր նշանակած կոլերուն քանակը հասցուց 758-ի:
Ան Սփորթինկ Լիզպոնի, Մանչեսթըր Եունայթըտի, Ռէալ Մատրիտի, Եուվենթուսի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, ցարդ կատարած է 1032 մրցում:
Փելէ 812 պաշտօնական մրցումներու ընթացքին նշանակած է 757 կոլ:



