Ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը Նոր տարուան առիթով տեղի ունենալիք աշակերտական խրախճանքին յատկացուելիք ծախսերն ու նուիրատուութիւնները յատկացուց Լիբանանի ու Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նոյնպէս կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը 200 ընտանիքներու նպաստ բաշխեց:
Յայտնենք, որ այս ուղղութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացան:



