Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին, հանդիսացաւ երկրորդ, երբ աւարտականին պարտուեցաւ Թէյմուր Ռաճապովէն (Ազրպէյճան):
Երկրորդ դիրքը գրաւելուն համար Արոնեան պիտի ստանայ 40 հազար ամերիկեան տոլար պարգեւավճար, մինչ տիտղոսակիրը` 60 հազար ամերիկեան տոլար:



