Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Յունաստանի մէջ:
Շուէտական Կէօթըպըրկէն հեռացած 30 տարեկան Քալիսիր այսուհետեւ ելոյթ պիտի ունենայ Ափոլլոն Սմիրնիսի հետ:
Ան 2018-էն ի վեր մաս կը կազմէ Կէօթըպըրկի եւ մինչեւ 2021-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր խումբին հետ: Իր կազմին հետ, ան ընդամէնը կատարեց 97 մրցում (աւարտած ախոյեանութեան ընթացքին 17 մրցում)` դառնալով Շուէտի բաժակակիր:
Անոր նոր կազմը այժմ 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 12 կէտ:



